Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտ Այլեւս Պիտի Չաջակցի Սուրիոյ Քրտական Խմբաւորումներուն

November 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտի նոր կառավարութիւնը այլեւս հանդէս չի գար ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ մէջ գործող քրտական խմբաւորումներուն` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ Ժողովրդավարական միութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին շուէտական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմ:

Ուշագրաւ է, որ այս յայտարարութիւնները կատարուած են Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոնի` 8 նոյեմբերին Անգարա կատարելիք այցելութեան նախօրեակին: Այդ այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուին բանակցութիւններ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը վաւերացնելու հարցը:

«Այս կազմակերպութիւնները սերտ կապեր ունին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու Եւրոպական Միութեան ցուցակին վրայ է: Մեզի համար կարեւոր է, որ երկիմաստ կապեր չըլլան: Շուէտի համար կարեւոր է հեռաւորութիւն պահել այդ կազմակերպութիւններէն: Մենք լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք Թուրքիոյ հետ», ըսած է Պիլսթրիոմ:

Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնը կը նկատուի Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը: Նախապէս Շուէտ եւս կ՛աջակցէր Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ Ժողովրդավարական միութեան, որոնք Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական կ՛որակուին:

Շուէտն ու Ֆինլանտան 18 մայիսին ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալու դիմում ներկայացուցած էին, սակայն Թուրքիան արգելակած էր այդ հոլովոյթը` պահանջելով, որ այդ երկիրները քրտական կազմակերպութիւնները ահաբեկչական նկատեն, յանձնեն ահաբեկչութեան կամ Թուրքիոյ մէջ 2016 թուականին զինուորական յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրուող անձերը:

Էրտողանը Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի`
ՕԹԱՆ–ին Մաս Կազմելու Ժամկէտներուն Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու հոլովոյթի արագութիւնը կախեալ է Անգարայի պայմաններու կատարումէն:

«Նախագահ Էրտողան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ բանակցութիւններուն` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի որքան կարելի է շուտ վերջ տալու եւ արդար լուծումի հասնելու համար: Էրտողան նշած է, որ Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի եռակողմ յուշագիրի հաստատման հոլովոյթի արագութիւնը եւ այն քայլերը, որոնք այդ երկիրները պիտի ձեռնարկեն, պիտի որոշեն ատոր աւարտի ժամանակը», կը հաղորդէ Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակը:

 

Նախորդը

Ռուսիան Անուղղակի Հիմնաւորումներ Ունի Ենթադրելու, Որ Թրասի` Պլինքընին Ուղարկած «Էս. Էմ. Էս.»-ը Վերաբերած Էր «Հիւսիսային Հոսք»-երու Պայթումին

Յաջորդը

Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Իսրայէլը. «Կարմիր Գիծը Անցնիլը Հետեւանքներ Ունի»

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.