Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Դեսպանը Այցելեց Շարպելի Եւ Տաուքի

March 8, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Էօզեըլտըզ եւ նախարար Շարպել

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ անձնական կարգավիճակի փաստաթուղթերու մարզերուն մէջ Լիբանանի եւ թրքական կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւող համաձայնագիրներու ստորագրութեան կարեւորութիւնը:

Թուրք դեսպանը դրուատեց Լիբանանի կայունութեան պահպանման առումով Շարպելի ի գործ դրած ջանքերը:

Էօզեըլտըզ այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին արդիականացումն ու անոր արխիւը արդի մեթոտներով եւ միջոցներով պահպանելու կարեւորութիւնը:

Էօզեըլտըզ Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանին օժանդակելու այդ ծիրին մէջ. իր կարգին Տաուք շնորհակալութիւն յայտնեց Էօզեըլտըզին` շեշտելով Թուրքիոյ կողմէ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին թրքական յայտագիրներ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, թրքական տնտեսական եւ դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Թրիփոլիի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի կեդրոնը, ուր լիբանանեան եւ թրքական կողմերը շեշտեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի ներդրումները բարելաւելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ղոսըն Եւ Աշքար Կ՛Այցելեն Զօր. Աունի

Յաջորդը

«Մեր Շարժումը Դիմադրութեան Դէմ Չէ Ուղղուած» Շեշտեց Շէյխ Ահմետ Ասիր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.