Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մեկնաբանելով Իրանի կողմէ Սէուտական Արաբիոյ վրայ մօտալուտ յարձակումի մը մասին տեղեկութիւնները, ըսաւ, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի Միջին Արեւելքի մէջ իր շահերն ու գործընկերները պաշտպանելու:
Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց «(իրանեան) սպառնալիքներուն վերաբերեալ, մենք զինուորական, դիւանագիտական եւ գաղտնի սպասարկական խողովակներով մնայուն կապի մէջ ենք սէուտցիներուն հետ, եւ պիտի չտատամսինք շրջանին մէջ մեր շահերն ու գործընկերները պաշտպանելու քայլերու դիմելու»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պէ՞տք է շրջանին մէջ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն զգուշացում հրապարակել, Փրայս ըսաւ. «Չեմ կրնար խօսիլ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, սակայն իրաւունք ունիս, եթէ ամերիկացի քաղաքացիներու դէմ վտանգի փաստացի եւ որոշակի տեղեկութիւններ ունինք, անշուշտ այդ քաղաքականութեան հիմամբ բոլոր յանձնառութիւնները պիտի կատարենք: Տեղեակ չեմ, թէ որեւէ զգուշացում յղա՞ծ ենք, սակայն գիտեմ, որ մնայուն կապի մէջ ենք սէուտցիներուն հետ, եւ պիտի չխօսիմ ներքին գործողութեան մասին. մենք միշտ կը գնահատենք մեզի հասնող տեղեկութիւնները, որոնք կրնան մեզի համար արժէք ունենալ, եւ երբ հարցը այդպէս ըլլայ, կ՛ընենք»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», վկայակոչելով սէուտցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդած էր, որ Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներուն յանձնած է սէուտական թիրախներու վրայ Իրանի կողմէ «մօտալուտ յարձակում»-ի մասին հետախուզական տեղեկութիւններ:
Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ շրջանի շարք մը այլ երկիրներ, ըստ անանուն պաշտօնատարներու, բարձրացուցած են իրենց զինուորական ուժերուն մարտունակութեան մակարդակը:
Ամերիկեան օրաթերթին տուեալներով` Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնատարները ըսած են, որ Իրան կը պատրաստուի յարձակելու թէ՛ թագաւորութեան, թէ՛ ալ Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի վրայ` «փորձելով ուշադրութիւնը շեղել ներքին բողոքի ցոյցերէն»:


