Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Բացակայութիւնը (Արցախի Միասնական Կեցուածքէն Մինչեւ Գագաթնաժողով)

October 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի խորհրդարանական ուժերուն միացեալ յայտարարութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ եզակի երեւոյթ է: Արցախի խորհրդարանը տարբեր առիթներով եւս հանդէս եկաւ միասնական դիրքորոշումով: Յատկապէս ապաբռնագրաւման օրէնքին շուրջ համախմբուած Արցախի խորհրդարանը յստակ սահմանեց հետագայ քաղաքական աշխատանքներու ուղղութիւնները թէ՛ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ թէ՛ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ պայքարը շարունակելու ճանապարհային քարտէսը յստակացնելով:

Դժբախտաբար Արցախի օրինակը չդարձաւ վարակիչ: Ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ո՛չ ալ սփիւռքը յաջողեցան ճգնաժամային պայմաններուն մէջ համախմբուիլ Արցախի նման: Ընդհակառակը, պաշտօնական Երեւանի բաժանարար վարքագիծը տեղափոխուեցաւ սփիւռք, ուր ամէնէն համահայկական օրակարգի վերածուելու կոչուած խնդիրներուն շուրջ բացակայեցաւ համախմբումը:

Նախկին տասնամեակներուն եռամիասնութեան խորհուրդը կ՛առարկայանար Հայաստան-սփիւռք համագումարներով: Որքան ալ որ շեշտուի, թէ նման համաժողովներ փառատօնային բնոյթ ունէին, որքան ալ քննադատութիւններ հնչեն, որ այդ համաժողովներէն չէին բխեր շարունակական աշխատանքներ, համակարգուած մեքենաներ, այդուհանդերձ փաստը կը մնայ փաստ, որ հերթական անգամ կը համախմբուէին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը հանդիսացող մարդուժը: Հերթական անգամ կը հրապարակուէր համահայկական օրակարգի համապատասխան յայտարարութիւն: Նոյնիսկ աննախընթաց աշխատանքային ուղեցոյց-փաստաթուղթ` Համահայկական հռչակագիր խորագիրին տակ: Այս բոլորին առընթեր մասնագիտական համախմբումներ կը կայանային, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛օժտուէր համակարգող կառոյցներով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովն ու տարածաշրջանային յանձնախումբերը կ՛առաջնորդուէին նոր կառուցակարգի` Համազգային խորհուրդի:

Իշխանափոխութենէն ետք ի սպառ բացակայեցան այս բոլորը: Պետականութիւնը շարունակականութիւն է. եւ կանոնակարգման ընթացքին մէջ եղող այդ ժառանգութիւնը, թէկուզ վերափոխելով, այդուհանդերձ եռամիասնական ձեւաչափը պահպանելը հրամայական էր:

Այս օրերուն գումարուող գագաթնաժողովը փաստօրէն չէ յաջողած ներառել սփիւռքի ներկայացուցչական կազմը. այլ դուրս մնացած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնական ուժերը: Խորհրդարանական ուժերը կ՛ընդգծեն, որ անցած տասնամեակներուն Արցախը եղած է այդ համախմբման հիմնական առանցքը, հանդիսացած է հայկական աշխարհի խմորիչը, մարմնաւորած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի տեսլականը: Արցախով սկսուած է  եւ Արցախով իմաստաւորուած իւրաքանչիւր համախմբման կոչ, իւրաքանչիւր համահայկական գաղափար:

Հիմա փաստօրէն այդպէս չէ. գագաթնաժողովի օրակարգը եւ նախատեսուած ձեռնարկները պատշաճ ու համարժէք չեն անդրադառնար Արցախին եւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Արցախը կը բացակայի այս գագաթնաժողովէն, այն պարագային, երբ պէտք է համազգային տագնապի կոչնակ հնչեցնել:

Պէտք չէ զարմանալ. երբ չկայ համազգային օրակարգ, չի կայանար որեւէ համահայկական համագումար, թէկուզ գագաթնաժողովի տպաւորութեամբ: Համահայկական օրակարգի մշակման համար ներգրաւուած պիտի ըլլային ինչպէս Երեւանը, այնպէս նաեւ Ստեփանակերտն ու սփիւռքը: Համահայկական օրակարգը միայն կրնար համախմբել եռամիասնութիւնը:

Արցախեան օրակարգի բացակայութիւնը միայն ներազգային բնոյթ չունի: Նման հրատապ խնդիրներու ոչ լիարժէք ներառումը գագաթնաժողովի աշխատանքներուն քաղաքական բացատրութիւն ունի: Երեւանը այսօր նոյն ներգրաւուածութեան տարողութիւնը չունի արցախեան հիմնահարցին: Նոյն երաշխաւորութիւնը չունի: Նոյն դիրքորոշումը չունի եւ իբրեւ այդպիսին վերապահ է Արցախի Հանրապետութեան որդեգրած ապաբռնագրաւման օրէնքին եւ Արցախէն հնչած համահայկական օրակարգ առաջադրող միասնական հրապարակումներուն նկատմամբ:

Ուրեմն, ներազգային հարթութեան վրայ ա՛յլ նախաձեռնութիւններ պէտք են միասնական հարթակներու ձեւաւորման համար: Եւ այդ հարթակներու կայացման իբրեւ նախապայման` համահայկական օրակարգի մշակման:

 

 

 

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Որեւէ Փաստաթուղթ, Որ Պիտի Սահմանափակէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը, Մեր Կողմէ Պիտի Պատռուի»

Յաջորդը

Ալիեւ Ընդունած Է Ռուսիոյ Առաջին Փոխվարչապետը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.