Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը:
«Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են փոխադրամիջոցային-տնտեսական կապերու ապաշրջափակման նպատակով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան հարցերը», յայտնած է Ալիեւի մամլոյ ծառայութիւնը:
Բացի ատկէ, կողմերը միտքեր փոխանակած են Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
«Հանդիպումին ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուած է ազրպէյճանական-ռուսական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ներկայ վիճակին նկատմամբ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


