Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ աւարտած Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, մետալներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւեց Հայաստան:
Հայրենի ծանրաբարձները երկամարտի մրցումներու արդիւնքներու լոյսին տակ տիրացան 15 մետալի. 7 ոսկի, 4 արծաթ եւ 4 պրոնզ:
Երկրորդ հանդիսացաւ Թուրքիա (6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 3 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ուքրանիա (4 ոսկի, 5 արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Նշենք, որ Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 23 ծանրաբարձով:


