Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Գ. խմբակին մէջ Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Վիքթորիա Փլզենին (Չեխիա), անոր դէմ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեանին առաջին կոլը գլուխով նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, 35-րդ վայրկեանին:
Անոր նշանակած այս կոլը ոչ միայն նպաստեց իտալացի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմի յաղթանակին, այլեւ խումբին յաջորդ հանգրուան հասնելուն` նկատի ունենալով, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ինթեր Միլան առաջին երկու դիրքերէն մէկը գրաւելով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Մխիթարեանի խմբակից պոսնիացի Էտին Ծեքօ նշանակեց երկու կոլ, մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց պելճիքացի Ռոմելու Լուքաքու:


