Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ այսօր խորհրդարանին մէջ նախագահական ընտրութեան նիստ պիտի չգումարուի:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն պիտի հասնի Լիբանան եւ Իսրայէլ` ստորագրելու համար սահմանագծումի համաձայնութիւնը:
Նախարարութեան համաձայն, Հոքշթայն Պէյրութի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որոնց շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ 2020-ին Պըրրիի գլխաւորութեամբ զետեղուած հիմքերուն վրայ կատարուած բանակցութիւններուն ընթացքին բաց կերպով խորհրդակցելու համար:
Ըստ նախարարութեան, Պէյրութի մէջ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք Հոքշթայն պիտի այցելէ Նաքուրա` ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան վերջին մանրամասնութիւնները ամբողջացնելու համար, որպէսզի ստորագրութիւնը գործադրուի:
Ապա Հոքշթայն պիտի ուղղուի Իսրայէլ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտի հետ եւ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ անոր` դիւանագիտական բանակցութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ այս զգայուն թղթածրարը լուծել:
Նշենք, որ Հոքշթայն նախապէս յայտարարած էր, թէ սահմանագծումի համաձայնութեան ստորագրութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին:
Երէկ երեկոյեան ժամը 8:20-ին Հոքշթայն հասաւ Լիբանան:
Այսօր առաւօտեան ան նախագահ Աունի պիտի յանձնէ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին պաշտօնական համաձայնութիւնը:


