Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըպրան Պասիլ. «Կառավարութիւնը Ազգային Ուխտին Չի Համապատասխաներ` Եւ Անոր Դէմ Մեր Ամբողջ Ուժով Պիտի Պայքարինք»

October 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական առաջնահերթութիւններու իրենց մշակած փաստաթուղթը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացնելու ընթացքին ի յայտ եկած է, որ անոնց հետ տարակարծութիւնները քիչ են եւ աննշան:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ մարտահրաւէրի նախագահ մը ունենալ` աւելցնելով, որ երկխօսութեան որեւէ հրաւէր դրական կը նկատուի:

Պասիլ նշեց, որ օրըստօրէ աւելի եւս կը մօտենան նախագահական աթոռի թափուր մնալուն եւ կարիքը կը զգան երկխօսութեան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք երկխօսութեան կը հրաւիրեն, որովհետեւ լուրջ են: «Քրիստոնեայ համայնքներուն մակարդակով այդ երկխօսութիւնը կրնայ կատարել մարոնի պատրիարքը, ազգային մակարդակի վրայ` հանրապետութեան նախագահը, մինչեւ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2022, իսկ ներքին առումով խորհրդարանի նախագահին կողմէ երկխօսութեան հրաւէրին հետ կը վարուինք դրական մօտեցումով:

Պասիլ նշեց, որ ո՛վ որ կը կարծէ, թէ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ, ապա ան կը սխալի, «որովհետեւ անիկա սահմանադրութեան խախտում է, եւ որովհետեւ այդ կառավարութիւնը իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ Ազգային ուխտին չի համապատասխաներ», ըսաւ ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ երբ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մը վարչապետը կ՛ըսէ, թէ եկէք առանց կառավարութիւն կազմելու միայն նախագահական ընտրութիւն կատարենք, ապա ան մարտահրաւէր կը կարդայ եւ իր կառավարութեան կազմով կ՛ուզէ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն տիրանալ ու երկիրը առաջնորդել դէպի սադրանք, «այնպէս ինչպէս ոմանք մարտահրաւէրի նախագահ կը փափաքին ընտրել: Այս մօտեցումը սահմանադրական ջարդ մըն է, որ արտօնելի չէ եւ որուն դէմ մեր ամբողջ ուժով պիտի պայքարինք», շեշտեց ան:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք չեն ուզեր կառավարութեան մաս կազմել եւ անոր վստահութիւն շնորհել:

Միւս կողմէ, Պասիլ դիտել տուաւ, որ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին, իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներ իրենք ժամադրուած են իրենց երթը շարունակելու: Ան կոչ ուղղեց բոլոր համակիրներուն միանալու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներուն, որպէսզի հրաժեշտ տան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որ Պաապտայի պալատը պիտի ձգէ ու վերադառնայ Ռապիէ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւնն ու Կառավարութեան Կազմութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.