Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Եւ Երեւանը Գժտեցնելու Փորձերը Յաջողութիւն Պիտի Չունենան, Հայաստանը Աննախադէպ Արտաքին Ճնշման Կ՛ենթարկուի» Կ՛ըսէ Զախարովա

October 26, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեզի չեն կրնար չմտահոգել Անդրկովկասի մէջ թափ ստացող տագնապալի միտումները, ուր Արեւմուտքը ակնյայտօրէն կը փորձէ տեղափոխել Ուքրանիոյ մէջ մշակուած ճակատումի սադրանքները», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք կը տեսնենք, թէ ի՛նչ աննախադէպ արտաքին ճնշումի կ՛ենթարկուի եղբայրական Հայաստանը: Մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու դարաւոր կապերուն վնաս հասցնելու համար քայլեր կը ձեռնարկուին` շրջանին մէջ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը վարկաբեկելու ուղղութեամբ: Բազմաթիւ հիմնադրամներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ լրատուամիջոցներ, որոնք կը գործեն Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի թելադրանքով, վրէժխնդիր կերպով կը ձգտին հասարակութեան մէջ հակառուսական տրամադրութիւններ սերմանել:

«Համոզուած ենք, որ արտաքին ուժերու կողմէ Մոսկուան եւ Երեւանը գժտեցնելու փորձերը յաջողութիւն պիտի չունենան: Մենք վճռական ենք ամրապնդելու Հայաստանի հետ ռազմավարական դաշինքը եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնը, ինչ որ պիտի արտօնէ մեզի միասնաբար յաղթահարելու գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները:

«Արեւմուտքի անխոհեմ եւ լկտի մօտեցումը կարելի է նկատել նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ: Խնդիրի ո՛չ շրջանային առանձնայատկութիւնը, ո՛չ ալ յատուկ զգայնութիւնը հաշուի կ՛առնուի: Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի իրական նպատակները ոչ թէ փոխզիջումնային եւ հաւասարակշռուած լուծումներու զարգացումն են, այլ ինքնագովազդումը եւ Ռուսիան Անդրկովկասէն դուրս մղելը:

«Մեր եռակողմ զարգացումները իւրացուած ու այլասերուած են: Յաճախակի դարձած են Եւրոպական Միութեան, ԵԱՀԿ-ի եւ Ֆրանսայի քողի տակ արեւմտեան պատուիրակներու Հայաստան ժամանումները: Յառաջ կը մղուին հապճեպ յօրինուած նախաձեռնութիւններ, որոնք հաշուի չեն առներ շրջանի ամբողջ բնակչութեան շահերը: Ասիկա յղի է հաւասարակշռութեան խախտումով, որ ձեռք բերուած է դժուար պայմաններու մէջ` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւններուն հիման վրայ:

«Զուգահեռաբար անհիմն մեղադրանքներ կը շրջանառուին, թէ իբրեւ թէ Մոսկուան չի կատարեր Հայաստանի նկատմամբ իր անվտանգութեան պարտաւորութիւնները: Այս առնչութեամբ կ՛ուզենք յիշեցնել, որ մեր երկիրն էր, որ դադրեցուց պատերազմը նոյեմբեր 2020-ին, ուղարկեց խաղաղապահներ, որոնք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերին շրջանին եւ մինչեւ օրս վճռական ներդրում ունին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ զինուած միջադէպերու կարգաւորման գործին մէջ: Արտաքին ուժերու փորձերը` հասնելու ռուսական խաղաղապահ ստորաբաժանումի դուրսբերման, ինքնին ուղղուած են Հարաւային Կովկասի ապակայունացման:

«Բոլոր մակարդակներուն վրայ մենք կը շարունակենք աշխատիլ գործընկերներու հետ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման շահերէն մեկնելով, ներառեալ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմաններու սահմանազատումը, խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնութիւնը, մարդասիրական խնդիրներու լուծումը եւ հասարակական ու փորձագիտական երկխօսութեան ստեղծումը: Նոյն ատեն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ երկու կողմերու համաձայնութիւնը»:

 

 

Նախորդը

Քոնսթանթին Զաթուլին Կը Մեկնաբանէ Հայաստան Իր Մուտքը Արգիլելու Որոշումը

Յաջորդը

Փեսքով. «Ռուսիա-Ազրպէյճան-Հայաստան Վեհաժողովը Կը Նախապատրաստուի»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.