Ռուսիա-Ազրպէյճան-Հայաստան վեհաժողովը կը նախապատրաստուի, Քրեմլինը գումարման օրուան եւ վայրի մասին պիտի յայտարարէ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախապէս յայտնած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Ռուսիա` եռակողմ վեհաժողովի, ուր կը նախատեսուի քննարկել եռակողմանի եւ երկկողմանի հարցերու ամբողջ շրջանակը: