Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Ի՞նչ Է Բժշկական Բարոյագիտութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Ան Կարեւոր Է (Ա. Մաս)

October 25, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Բժշկական բարոյագիտութեան խնդիրները կրնան մարտահրաւէր ըլլալ

Բժշկական բարոյագիտութիւնը կը ներառէ որոշ խնդիրի մը ուսումնասիրութիւն, սովորաբար` քլինիքական դէպք մը, եւ արժէքներու, փաստերու ու տրամաբանութեան օգտագործում` որոշելու համար, թէ ի՛նչ է լաւագոյն ձեւը գործելու:

Որոշ բարոյագիտական խնդիրներ բաւական պարզ են, օրինակ` ճիշդը սխալէն զատ որոշելը: Բայց այլ խնդիրներ կրնան նաեւ շփոթ ստեղծել, օրինակ` որոշել երկու «իրաւունքներու»` երկու արժէքներու միջեւ, որոնք կը հակասեն զիրար, կամ որոշել երկու տարբեր արժէքային համակարգերու միջեւ, օրինակ` հիւանդի եւ բժիշկի միջեւ:

Բժիշկները նոյնիսկ բժշկական փոքր գործողութիւններու ատեն կրնան առնչուիլ բազմաթիւ տարակուսելի բարոյագիտական խնդիրներու: Ահա` որոշ ընդհանուր խնդիրներ, որոնք բացայայտուած են 2016 թուականին, Medscape-ի հետազօտութեան ժամանակ, ուր որոշ բժիշկներ տարբեր կարծիքներ ունեցած են.

  • Բուժման յետաձգում` կազմակերպութեան պիւտճէն բաւարարելու, կամ ապահովագրական քաղաքականութեան պատճառով,
  • Դեղագործական կամ բժշկական սարքեր արտադրողներէ դրամական միջոցներու ընդունում,
  • Ախտորոշման ու բժշկական պարագայի խեղադիւրում` բուժման ապահովագրումը ձեռք բերելու համար,
  • Սիրային յարաբերութիւններ հիւանդին կամ ընտանիքի անդամի հետ,
  • Սխալներ պահելը,
  • Placebo-ի դեղագրում,
  • Պաշտպանական բժշկութեան (1) գործադրում` դատական խնդիրներէ խուսափելու համար:

Մասնագիտական չափանիշները բարոյագիտական խնդիրներու վերաբերեալ որոշակի ուղեցոյցներ տրամադրելու միջոց են, սակայն անոնք չեն կրնար անդրադառնալ իւրաքանչիւր խնդիրի եւ իւրաքանչիւր տագնապալի երփնազանութեան (nuance), ինչպէս` երկու հակասական արժէքներու միջեւ կողմնորոշումը:

Բարոյագիտական հարցերը որոշելու հիմնական արժէքները

Բազմաթիւ արհեստավարժ բարոյագէտներ կը յանձնարարեն օգտագործել հիմնական չորս արժէքներ կամ սկզբունքներ` բարոյագիտական հարցերը ճշդորոշելու համար.

  • Ինքնավարութիւն– Հիւանդները հիմնականօրէն իրաւունք ունին ընդունելու կամ մերժելու իրենց յանձնարարուած առողջական խնամքը,
  • Արդարութիւն- Առողջական խնամքի օգուտներու եւ բեռի (burden) բաշխում հասարակութեան մէջ,
  • Բարերարութիւն– Հիւանդին համար լաւութիւն ընելը,
  • Չարագործութիւն չընելը– Վստահ ըլլալ, որ հիւանդին վնաս չէք հասցներ:

Այնուամենայնիւ, բարոյագիտական արժէքները չեն սահմանափակուիր միայն այս չորս սկզբունքներով: Կան նաեւ այլ կարեւոր արժէքներ, զորս պէտք է հաշուի առնել, ինչպիսիք են` ճշմարտութիւնը, թափանցիկութիւնը, ինչպէս նաեւ` յարգանք ցուցաբերելը հիւանդներուն, անոնց սեփական արժէքներուն եւ ընտանիքներուն նկատմամբ:

Բացի անկէ, բժշկական բարոյագիտութիւնը պարզապէս մտքի գործընթաց մը չէ: Այդ մէկը նաեւ կը ներառէ մարդկային հմտութիւններ, ինչպէս անհրաժեշտ փաստերու հաւաքումը` որոշում կայացնելու համար եւ այդ մէկը ներկայացնել այնպէս, որ շահի բոլոր կողմերու վստահութիւնը:

Բարոյագիտութիւնը յաճախ կը դիտուի որպէս արգիլող գործունէութիւն` ձեզի ըսելով, թէ ի՛նչ չէք կրնար ընել: Բայց շարք մը պարագաներու ան կրնայ մեծ ազատութիւն տալ: Ան կրնայ հաստատել, որ դուք ճիշդը կ՛ընէք:

Ունկնդրելու հմտութիւնները բժշկական բարոյակագիտութեան կարեւոր մէկ մասն են: Շատ յաճախ բարոյագիտական վէճերը պայմանաւորուած են բոլոր փաստերուն տեղեակ չըլլալու կամ հիւանդներուն բոլոր փաստերը չտրամադրելու պատճառով: Կարեւոր են նաեւ նրբանկատութիւնն ու յարգանքը: Լաւ ձեւով կառուցուած բարոյագիտական որոշումը կրնայ անտեսուիլ, եթէ դուք չէք շահած հիւանդին վստահութիւնը:

Բարոյագիտութիւնը յաճախ կը դիտուի որպէս արգիլող գործունէութիւն` ձեզի ըսելով, թէ ի՛նչ չէք կրնար ընել: Բայց շարք մը պարագաներու, ան կրնայ մեծ ազատութիւն տալ: Ան կրնայ հաստատել, որ դուք ճիշդը կ՛ընէք: Եթէ դուք գտնուիք բարոյագիտական պատշաճ մտածողութեան մը գործընթացին մէջ, անձնապէս աւելի մեծ վստահութիւն կ՛ունենաք, որ այն, ինչ կ՛ընէք, ճիշդ է: Ձերբազատուելով յուզող կասկածներէ` կրնաք աւելի անմիջական եւ աւելի եռանդով շարունակել ձեր խնամքի ծրագիրը:

Որովհետեւ առողջապահական համակարգը կը զարգանայ, բարոյագիտական որոշումները կը դառնան աւելի դժուար: Օրինակ, մատչելի ապահովագրութիւն գտնելու հարցով աճող դժուարութիւնները կը ստիպեն հիւանդները հրաժարելու իրենց անհրաժեշտ խնամքէն, եւ այդ մէկը կ՛ազդէ բժշկական խնամքի ծրագրին վրայ:

Բժշկական բարոյագիտութեան գործնական հետեւանքները

Որոշ բժիշկներ կը կարծեն, որ բժշկական բարոյագիտութիւնը շատ փոքր շրջանակին կողմէ ճանչցուած դաշտ մըն է, որ հեռացուած է քլինիքական կիրարկման գործնական նկատառումներէն: Ճիշդ է` բժշկական բարոյագիտութիւնը նախ եւ առաջ խիղճի խնդիր է, բայց ան նաեւ ունի գործնական շարք մը հետեւանքներ եւ կիրարկութիւններ:

Այն բժիշկները, որոնք կրնան նկարագրել իրենց բարոյագիտական մտահոգութիւնները եւ օգտագործել բանակցային հմտութիւններ, կրնան փոխել կազմակերպչական քաղաքականութիւններ, զորս տագնապ կը յառաջացնեն:

Ահա բժշկական բարոյագտիտութեան լրջօրէն վերաբերելու քանի մը պատճառ.

  • Օգնել` ընտանիքի, հիւանդներու, բժիշկներու կամ այլ կողմերու միջեւ տեղի ունեցած վէճերը լուծելու համար – Յաճախ ներգրաւուած կողմերը կը գործեն խստօրէն յոյզերու վրայ հիմնուելով. բան մը, որ կը դժուարացնէ տրամաբանական եւ արդար որոշում կայացնելը: Բարոյագիտութիւնը կ՛աւելցնէ նոր հարթութիւն մը (dimension)` որոշում կայացնելը  դիւրացնելու համար:
  • Մաքուր խիղճը պահպանել – Բոլոր բժիշկները կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ ճիշդ վարուած են: Բարոյագէտ բժիշկ ըլլալը աւելի կարեւոր է, քան` դրամ կուտակելը կամ կարելի եղածին չափ շատ հիւանդներ տեսնելը:
  • Որպէսզի դուք ձեզ անտեղեակ ցոյց չտաք – Բժիշկները, երբեմն գայթակղելով, սխալ որոշումներ կը կայացնեն, որովհետեւ անոնք չեն հասկցած իրենց դերը, չեն մտահոգուած ճշդորոշելով որոշ հարցի մը բարոյագիտական մարտահրաւէր ըլլալը, կամ չեն մտածած իրավիճակին մասին` մինչեւ իր տրամաբանական աւարտը:
  • Ձեր հիւանդներուն յարգանքը վաստակելու ու պահելու համար – Բարոյագիտական սխալ քայլերը կրնան ոչնչացնել բժիշկին եւ հիւանդին միջեւ կապը: Հիւանդները յաճախ անուղղակիօրէն կը վստահին իրենց բժիշկներուն, բայց երբ այդ վստահութիւնը խախտի, դժուար է զայն վերականգնել:
  • Պահպանել յարգալից յարաբերութիւններ այլ բժիշկներու հետ – Ձեր գործընկերները յաճախ շատ յստակ կարծիքներ ունին այն հարցերուն մասին, որոնք բարոյագիտական են: Այդ մէկը յաճախ ամրագրուած է մասնագիտութեան բարոյագիտութեան տարբեր կողմերուն, կամ անոնք սորված են զանոնք մենտորներէ: Բարոյագիտութեան դերին ձեւաւորումը կը ստեղծուի այն մարդոց կողմէ, որոնք կը կիրարկեն բարոյագիտական որոշումներ կայացնելու որեւէ ձեւ:
  • Որոշ արդիւնաւէտութիւն պահպանելու համար – Թէեւ բարոյագիտական որոշումներ կայացնելը յաճախ կը պահանջէ յաւելեալ ժամանակ, ան նաեւ կրնայ ժամանակ խնայել` կանխատեսելով տարակարծութիւնները, որոնք կրնան դանդաղեցնել բժշկական խնամքի գործընթացը: Եթէ դուք բարոյականագիտութեամբ չէք մօտենար, հիւանդները կամ այլ խնամակալները, որոնք ընդվզած են ձեր որոշումներէն, կրնան լրջօրէն խոչընդոտել ձեր աշխատանքը:
  • Տագնապները նուազեցնելու համար – Տագնապներու պատճառներէն մէկը բժիշկներու անձնական արժէքներու եւ անոնց կազմակերպութեան արժէքներու անհամապատասխան ըլլալն է: Այն բժիշկները, որոնք կրնան նկարագրել իրենց բարոյագիտական մտահոգութիւնները եւ օգտագործել բանակցային հմտութիւններ, կրնան փոխել կազմակերպչական այն քաղաքականութիւնները, որոնք տագնապ կը յառաջացնեն:

Արդեօ՞ք բարոյագիտական ըլլալը աւելի շատ ժամանակ կը պահանջէ:

Բարոյագիտական որոշումները կը պահանջեն խորհրդակցական ոճ, եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ սովորականէն աւելի (ինչպէս, օրինակ, երբ շատ մը բժիշկներ որոշումներ կը կայացնեն քլինիքական կիրարկումներէ դուրս): Բժիշկները պէտք է տեղեկութիւններ հաւաքեն, ուսումնասիրեն բարոյագիտական խնդիրները եւ, անհրաժեշտութեան պարագային աւելի շատ հարցադրումներ կատարեն:

Այս գործողութիւնները կատարելու ժամանակ ունենալու համար դուք չէք կրնար անընդհատ ծանրաբեռնուած ըլլալ աշխատանքով: Որպէս բարոյագէտ բժիշկ` դուք պէտք է դասաւորէք ձեր ժամանակը, արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելով զայն բժշկական տեղեկութիւններ ստանալու եւ որոշ պարտականութիւններ փոխանցելու համար որակաւորուած այլ խնամակալներու:

Դուք նաեւ կարելիութիւն ունիք ձեր որոշումները գործընկերներու հետ կիսելու: Եւ երբ մշակէք բարոյագիտական խնդիրը, շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ զայն դիմակայելը, եթէ հանդիպիք անոր անգամ մը եւս: Այս պարագային, հիմնական ռազմավարութիւն մը կ՛ունենաք:

Ճշգրիտ խնդիրի վերաբերեալ օգտակար բարոյագիտական եզրակացութեան հասնիլը կը նշանակէ սկսիլ կայուն արժէքներէ, զորս մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ ընդունիլ, օրինակ` պահպանել հիւանդներու առողջութիւնը, անոնց ըսել ճշմարտութիւնը եւ մարդոց որոշելու իրաւունք տալ, եթէ անոնք կը փափաքին մաս կազմել բժշկական փորձարկումի մը: Այս հիմնական արժէքները հազուադէպօրէն կրնան վէճի առարկայ դառնալ:

Շատ մը այլ արժէքներ նոյնպէս լայնօրէն ընդունուած են, օրինակ` հիւանդին ինքնավարութիւնը: Նոյնը կը վերաբերի ձեր հիւանդներուն հետ արդար ըլլալուն, այսինքն` բոլոր հիւանդներուն, ըստ էութեան, նոյն ձեւով վերաբերիլ առողջապահական անհրաժեշտ որոշումներու պարագային:

Բայց միշտ չէ, որ այդ մէկը այդքան դիւրին է: Այս լայնօրէն ընդունուած արժէքները յաճախ կը հակասեն զիրար: Օրինակ, երբ հիւանդները կը մերժեն բուժում մը, որ կրնայ օգնել իրենց, բժիշկը կը տարակուսի հիւանդի ինքնավարութիւնը յարգելու եւ հիւանդին համար լաւագոյնը ընելու միջեւ:

Նոր հիւանդներու դիմաց ձեր քլինիքի դռները գոցելը բարոյագիտական երկընտրանքի եւս մէկ օրինակ մըն է: Բժիշկները լիովին արդարացուած են, եթէ անոնք չեն ընդունիր դուռէն մտնող իւրաքանչիւր հիւանդ: Իւրաքանչիւր հիւանդ ընդունիլը կրնայ լաւ գործարքի մը որոշում ըլլալ կամ չըլլալ: Այնուամենայնիւ, հիւանդը մերժելը կրնայ նշանակել, որ հիւանդը չի ստանար իրեն համար պէտք եղած անհրաժեշտ խնամքը: Շատ մը բժիշկներ կը պայքարին այս բարոյագիտական որոշման դէմ:

Այս երկընտրանքին վրայ աշխատելէ ետք, դուք դեռ կրնաք որոշել ձեր դռները փակելու մասին, բայց տակաւին կը մտածէք այդ հարցին մասին: Կը հասկնաք, որ այն մարդիկը, որոնց երես կը դարձնէք, տակաւին բժիշկի պէտք ունին, եւ որոշ բժիշկներ այս պարագային կրնան որոշել գտնել միջոց մը, որով կրնան օգնել այդպիսի մարդոց` առանց տագնապելու, օրինակ` երբեմն կամաւոր ձեւով աշխատելով անվճար քլինիքներու մէջ:

Բարոյագիտութիւն, բարոյականութիւն եւ կրօն

Բժշկական բարոյագիտութիւնը կը տարբերի բարոյականութենէն. Բարոյագիտութիւնը հիմնուած է արժէքներու եւ բանականութեան վրայ, եւ ան կ՛օգտագործէ համոզումը` իր ուղերձը հասցնելու համար, մինչդեռ բարոյականութիւնը կը ներառէ առանձնայատուկ հաւատքի համակարգի կամ վարքագիծի կանոններու պահպանում:

Բարոյականութիւնը կը հիմնուի հեղինակութեան վրայ, ինչպէս, օրինակ, Աստուածաշունչը, որ կ՛արդարացնէ անհատին ուղերձը: Բարոյականութիւնը միայն կրօնը չի ներառեր: Ան կրնայ ըլլալ նաեւ քաղաքական կամ անձնական, օրինակ` ունենալով ֆաշիստական կամ համայնավարական տեսակէտ, որ հիմնուած է հաւատքի կամ աւանդոյթի վրայ, եւ ոչ թէ՛ փաստերու կամ փաստարկներու:

Ի հակադրութիւն` բժշկական բարոյագիտութիւնը ունի լուծումներու ճկուն փաթեթ: Անիկա հիմնուած է փաստերու եւ տրամաբանութեան վրայ, եւ ոչ թէ` կրօնական վարդապետութեան: Դուք կրնաք ունենալ քաղաքական կարծիքներ-հակումներ եւ կրօնական հաւատք, բայց դուք պէտք է զանոնք մէկ կողմ դնէք, երբ բարոյագիտական կարծիք կը ձեւաւորէք եւ կ՛առաջարկէք անոնց, որոնք չեն հետեւիր ձեր անձնական բարոյականութեան:

Որոշ մարդիկ բժշկութիւնը կը համարեն գրեթէ որպէս «նոր կրօն»: Մարդիկ յաճախ բժիշկի մօտ կու գան նոյն այն յոյսով, որով կը դիմեն նախարարի մը մօտ` «Օգնէ՛, փրկէ՛ զիս»:

Պարզապէս բժշկական երեւոյթները դիտարկող մաքուր գիտնականը ըլլալով ձեռներէց` գործնական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ կեանքի, հիւանդութեան եւ մահուան նկատմամբ: Գիտութեան անհրաժեշտ է բարոյագիտական շրջանակ` զայն մարդասիրական դարձնելու համար:

Բարոյագիտական որոշումները պէտք է յարգեն հիւանդներու արժէքներն ու վերաբերմունքը: Եթէ հիւանդները դէմ են իրենց զաւկին պատուաստելուն կամ արեան փոխներարկման, անոնց համոզմունքները պէտք է հաշուի առնել:

Հիւանդին ցանկութիւնները յարգելը գործնական հետեւանք կրնայ ունենալ: Այն բժիշկները, որոնք պարզապէս կ՛անտեսեն հիւանդը, յաճախ կը տեսնեն, որ իրենց յանձնարարած բուժումը կը ձախողի, որովհետեւ հիւանդները, հաւանաբար, կը պայքարին իրենց դէմ ամբողջ բուժումի ընթացքին: Այն հիւանդները, որոնք անտեսուած են, չեն յայտներ ճշմարտութիւնը: Բայց այն հիւանդները, որոնք երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու մէջ են իրենց բժիշկներուն հետ, աւելի հաւանական է, որ յանգին ողջամիտ փոխզիջումի, նոյնիսկ եթէ այդ որոշումին բժիշկն ամբողջութեամբ հաւանութիւն չէ տուած:

(Շարունակելի)

Աղբիւր` Medscape

 

(1) Պաշտպանական բժշկութիւն- Պաշտպանական բժշկութիւնը կը վերաբերի ախտորոշիչ քննութիւն կամ բժշկական բուժում առաջարկելու կիրարկումներու, որ պայման չէ, որ լաւագոյն տարբերակը ըլլայ հիւանդին համար, բայց հիմնականօրէն կը ծառայէ պաշտպանելու բժիշկը հիւանդէն` դատական խնդիրներ ծագելու պարագային:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Հոկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Պայքար Այբուբենական

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.