Մինչ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը կը մնան տեղքայլի մէջ, խորհրդարանը` նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, այսօր` երկուշաբթի, 24 հոկտեմբեր
2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան Դ. նիստը:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները վարած ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին պիտի հասնի Պէյրութ եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պիտի յանձնէ սահմանագծումի համաձայնագիրը:
Իսրայէլեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Նաքուրայի մէջ սահմանագծումի համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց նաեւ, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Ուաշինկթըն` իբրեւ նախապատրաստութիւն, Լիբանանի հետ սահմանագծումի համաձայնութիւնը ստորագրելու:


