Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Էլիաս Պու Սաապը

October 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ պարգեւատրեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը` անոր շնորհելով «Մեծ սպայ»-ի աստիճանի Մայրիներու շքանշանը` առ ի գնահատանք Պու Սաապի ազգային նուիրումին ու ծառայութեան` թէ՛ իբրեւ նախարար եւ թէ՛ իբրեւ երեսփոխան:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց նաեւ Պու Սաապի ունեցած դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը իրականացնելու առումով:

Այս առումով Պու Սաապ նախագահ Աունին ներկայացուց սահմանագծումը կատարելու իմաստով որդեգրուած քայլերն ու արձանագրուած զարգացումները` նկատել տալով, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն յառաջիկայ շաբթուան կիսուն պիտի հասնի Պէյրութ, եւ պիտի նախապատրաստուին Նաքուրայի մէջ ստորագրուելիք համաձայնութեան քայլերը:

Պու Սաապ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր նախաձեռնութեան համար եւ հաստատեց իր յանձնառութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն ապահովումին ի խնդիր աշխատանքը շարունակելու:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալէ ետք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, Պու Սաապին պարտականութիւն տուաւ ուղղուելու Դամասկոս` ընկերակցութեամբ նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Ալի Համիէի, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ այլ պատասխանատուներու, քննարկելու համար Սուրիոյ հետ ծովային սահմանագծում կատարելու հեռանկարները:

Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն այս շաբթուան ընթացքին ընդունի նաեւ կիպրական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ պիտի քննարկէ երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմանագծումը:

Պէտք է աւելցնել, որ նախագահական պալատը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ նախագահ Աուն կը մտածէ հրապարակել հրամանագիր մը` ընդունելու համար կառավարութեան հրաժարականը:

Նախորդը

Համիէի Բողոքին Իբրեւ Պատասխան Զուքի Ելեկտրակայանը Կը Սկսի Գործել

Յաջորդը

Իսլամական Երկիրներու Խորհրդաժողով. Լիբանան Վերապահութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Փոփոխութիւններուն

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.