Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան երկու պրոնզ մետալի:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Եքաթերինա Սիչեւա թէեւ 54 քկ դասակարգին մէջ հասաւ կիսաւարտականին, սակայն 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով:
Իր կարգին, կիսաւարտական հանգրուանի արգելքը չկրցաւ շրջանցել Սոնա Յարութիւնեան` պարտութիւն մը կրելով ուքրանացի իր մրցակիցէն:
70 քկ դասակարգի մրցումներուն սակայն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անի Յովսէփեան կիսաւարտականին 5-0 արդիւնքով յաղթելով մոնթենեկրոցի իր մրցակիցին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Աւարտականին Յովսէփեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ իրլանտացի Քրիսթինա Տեսմոնտ:


