Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…

October 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Հայաստանի տնտեսութեան մէջ 150 հազար տոլար ներդրած օտարերկրացիները կարող են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ» խորագիրով 15 հոկտեմբեր 2022-ին «Արմենփրես» կը հաղորդէ (1) Հայաստանի կառավարութեան հետեւեալ նախագիծ-ծրագիրը (իսկ այս օտարամոլ  իշխանութեան ո՞ր ապազգային ծրագիրը ցարդ ձախողութեան մատնուած է, ո՛չ մէկը). ստորեւ այս լուրէն հատուածներ` արեւմտահայերէն.

«… Նախագիծին համաձայն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք կրթութեան կամ գիտութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն իրականացնելու համար ստեղծուած հիմնադրամին անձեռնմխելի դրամագլուխի մը համալրումին նպատակով կը տրամադրեն առնուազն 150 հազար տոլար, առեւտրային կազմակերպութեան կանոնագրային դրամագլուխի (բաժնեմասի, բաժնետոմսի ձեռքբերում) մէջ առնուազն 150 հազար տոլար ներդրում կը կատարեն` առնուազն 10 տարի ժամկէտով, ձեռք կը բերեն պետական պարտատոմսեր առնուազն 150 հազար տոլարի չափով` առնուազն 7 տարի ժամկէտով, ձեռք կը բերեն անշարժ գոյք` առնուազն 150 հազար տոլարի չափով` նուազագոյնը 10 տարի ժամկէտով, անշարժ գոյքի շուկայական արժէքին գնահատուած կալուածագրական արժէքով:

«… Նախագիծին համաձայն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ նաեւ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք որեւէ ներդրումային հիմնադրամի մը մէջ կը ներդրեն (պետութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած, այսինքն` փաշինեանական ձեռնարկ մը) առնուազն 150 հազար տոլարի համարժէք գումար` առնուազն 10 տարի ժամկէտով…»:

1. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անձնագիր: 2. Գեղամ Մանուկեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր (ՀՅԴ) Գեղամ Մանուկեանի վերոնշեալ օրէնք- նախագիծ ծրագիրին մասին «Երկիր»-ի 15 հոկտեմբեր 2022-ի համարին մէջ «Փաշինեանի ընտանիքի «Իմ քայլը» հիմնադրամին 150.000 տոլարի չափով նուիրատուութիւնը բաւարա՞ր է ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար» խորագիրով  (2) դիտողութեան մէջ հետեւեալը գրած է. հատուածներ` արեւմտահայերէն.

«… Այսօր շատեր անդրադարձած են արդէն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք ձեռք բերելու պարզեցուած կարգ նախատեսող փոփոխութիւններու նախագիծին: Շատերը զայրացուցած էր այն, որ 150 հազար տոլար գումար ներդրելով` ոեւէ անձ (նախագիծին համաձայն` առանց ազգային խտրութեան) կրնայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ: ԱՌԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ, ՑԵՂԱՅԻՆ տարբերութեան (թուրք, ազրպէյճանցի, փաքիստանցի…): Հանրային քննարկումի ներկայացուած որոշումի նախագծին մէջ «անմեղ» ձեւակերպուած է նպատակը` «Նախագիծի ընդունման պարագային,  կ՛ապահովուի տնտեսութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, մարզական բնագաւառներու մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող անձերու «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով պարզեցուած կարգով քաղաքացիութիւն շնորհելը» (3):

«Սակայն այս «անմեղութեան» քողին տակ ահա թէ ի՛նչ թաքնուած է:  Առաջարկին համաձայն, անձեր, որոնք 150 հազար տոլար գումար կը ներդրեն որեւէ գործի, ասպարէզի ծրագիրի մը մէջ, կը ստանան Հայաստանի քաղաքացիի անցագիր` ընտրելու, սեփականութեան հող գնելու եւ Հայաստանի ապագան որոշելու իրաւունք:

«Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու (այսինքն` գնելու) այս տիպի չափորոշիչներուն մէջ առաջին իսկ կէտով կ՛ամրագրուի, որ Հայաստանի քաղաքացի կարելի է դառնալ կրթութեան կամ գիտութեան բնագաւառին մէջ  գործունէութիւն իրականացնելու համար ստեղծուած հիմնադրամի մը անձեռնմխելի դրամագլուխի ամբողջացումին նպատակով դրամական միջոցներու անհատոյց տրամադրումը` առնուազն 150.000 տոլարի չափով (4):

«Պարզապէս ըսե՞նք, օրինակ, Փաշինեանի ընտանիքին «Իմ քայլը» հիմնադրամին 150.000 տոլարի չափով նուիրատուութիւն տալը բաւարար է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար:

«Դանդաղ ու զգուշ» քայլերով իշխանութիւնները եկած ու հասած են այս նախագիծին: Նախ` 2022-ի աշնան Ազգային ժողովին մէջ տակաւին 1995-ի նոյեմբեր 6-ին ընդունուած օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարած են ու նախապէս սահմանուած դրոյթը, որ` «Հայաստանի քաղաքացիութիւն կարելի է շնորհել Հայաստանի Հանրապետութեան բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած անձանց…», ու այս մէկն է, որ պարզեցուցած են (5):

«Հայաստանի Հանրապետութեան բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած անձ սկսած են համարել իրենց կուռքը` դրամը, տոլարը: Այն ալ` ոեւէ անձի 150 հազար տոլարը: Հայաստանի Հանրապետութեան բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած անձ կը նախատեսեն համարել իշխանական հիմնադրամին գրեթէ երեւանեան փոքրիկ խանութի մը ձեռք բերման համար, սրճարանի կառուցման համար անհրաժեշտ գումարին համարժէք դրամ տուողը:

«Այս է անոնց պատկերացումը հայրենիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայաստանի քաղաքացիութեան մասին:

«Բա՞ ասում են, թէ դաւաճան չեն: Կը նեղանան, երբ իրենց դաւաճան կ՛ըսենք»:

* * *

Եթէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ու այլոց մասնաւոր ծառայութիւնները իւրաքանչիւրը 15 միլիոն տոլար յատկացնէ, իրենց ծառայող եւ հարազատ մարզուած անդամներէն 100-ական նոր եւ յաւելեալ գործակալներ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի կը վերածէ, այն ալ` օրինաւոր կերպով:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը` ԱԱԾ, որ այս իշխանութեան կողմէ բոլորովին կերպարանափոխուեցաւ, ուրեմն, մի՛այն այս դաւաճան իշխանութեան ընդդիմադիրնե՞րը հետապնդելու պիտի ծառայէ: Երեւանի մէջ թրքական եւ ազերի սրճարաննե՞ր եւ ակումբնե՞ր պիտի բացուին… Հաւանակա՞ն է…

Դժբախտաբար 2018-ին ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՅՍ «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵՆԷՆ» ետք, հայ ժողովուրդին դէմ օրէ օր կատարուող եւ մեր աչքերուն առջեւ Արցախն ու Հայաստանը թշնամիներուն յանձնող այս իշխանութենէն մի՛այն կործանարար չարիք պիտի տեսնենք:

Բնա՛ւ պիտի չզարմանամ, երբ այժմու վարչապետը Երեւանի մէջ թրքական եւ ազերի ակումբներու բացումը կատարէ… Եւ որոշ «հայեր» ծափահարեն:

19 հոկտեմբեր 2022

haroutchekijian.wordpress.com

————————

(1).- https://armenpress.am/arm/news/1094968/

(2).- https://yerkir.am/hy/article/2022/10/15/1377

(3).- https://www.e-draft.am/projects/4835

(4).- https://www.e-draft.am/projects/4835/about

(5).- http://www.parliament.am/drafts.php?sel=showdraft

Նախորդը

Ալիեւ Ընդդէմ Փաշինեանի. Լեզուակռիւ ԱՊՀ Վեհաժողովին Մէջ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հրամայական Պարտաւորութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.