ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Անցեալ շաբաթ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ), որուն կազմին մէջ են նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, ինը ղեկավարները հանդիպում ունեցան Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Հանդիպման ներկայ էին` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզստանի, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի ղեկավարները:
Այս հանդիպման ընթացքին իրենց երկիրներուն միջեւ առկայ հակամարտութեան մասին խօսելով` իրարու բախեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները միւս մասնակիցներու, յատկապէս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեան:
Ալիեւի յայտարարութիւնները լեցուն էին կեղծիքներով: Ան սուտ էր, երբ ըսաւ, որ 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստան տեղադրած է «Հայաստան արտադրուած 1400 հակահետեւակային ական… Լաչինի շրջանի սահմանին մօտակայքը, 2021-ին: Ազրպէյճանական մէկ դիրքէն միւսը տանող ճամբաները նոյնպէս ականապատուած են»: Ան պնդեց, որ «բախումները եւ անոնց գործուն փուլը տեւած են առաւելագոյնը ութ ժամ», թէեւ Ազրպէյճան մինչ օրս կը շարունակէ խախտել հրադադարի կանոնը: Ան ստեց` ըսելով, որ` «Ազրպէյճան մտադրութիւն չէ ունեցած բռնագրաւելու Հայաստանի տարածքը, ինչպէս ոմանք կրնան ենթադրել»: Ան անտեսեց այն փաստը, որ ազրպէյճանական բանակը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի սահմաններէն ներս, իր նախորդ` 12 մայիս 2021-ի ներխուժումէն ի վեր:
Ալիեւ փորձեց հաճոյանալ Փութինին` պնդելով, որ` «Ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ, կ՛ուզեմ շեշտել, որ հրադադարի առաջարկով հանդէս եկած է ռուսական կողմը: Ոմանք այդ կը վերագրեն այլ երկիրներու, ինչ որ բացարձակապէս անհիմն է: Ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ բախումները, ինչպէս ըսի, դադրեցան»: Ալիեւ այսպիսով հակասեց այն լուրերուն, թէ Միացեալ Նահանգներն են, որ միջնորդած են հրադադարի հաստատման: Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ազրպէյճան «վճռականօրէն մերժած է» Եւրոպական Միութեան առաջարկը` սահմանի ազրպէյճանական կողմը քաղաքացիական առաքելութիւն տեղադրելու: «Այդ պատճառով առաքելութիւնը կը տեղադրուի Հայաստանի տարածքին մէջ», ըսաւ ան:
Ալիեւ սուր քննադատութեան ենթարկեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ համակրական արտայայտութիւններ ունեցած է Հայաստանի հասցէին: Ալիեւ դժգոհեցաւ, որ Մաքրոն «վիրաւորական, անընդունելի, կեղծ եւ սադրիչ յայտարարութիւններ ըրած է… Ան մեղադրած է Ազրպէյճանը սարսափելի պատերազմ մղելու մէջ…»: Ալիեւ անգամ մը եւս փորձեց գոհացնել Փութինը` ըսելով, որ Մաքրոն «կողմնակալ յայտարարութիւններ ըրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ, թէ` «Ռուսիա խաղացած է ազրպէյճանական խաղը»: Ասոր իբրեւ հետեւանք` Ալիեւ ըսաւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ կը մերժէ Ֆրանսայի միջնորդական հետագայ որեւէ դերակատարութիւն: Ան նաեւ դժգոհեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի «հակաազրպէյճանական յայտարարութիւններէն», Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Ղարաբաղը ճանչցող եւ «նոյեմբերի կէսերուն Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ պատրաստուող» երկրորդ բանաձեւէն: Ան այս զարգացումներուն մեղքը բարդեց «Ֆրանսայի հայկական սփիւռքի» վրայ` իր ունեցած ազդեցութեան պատճառով:
Ալիեւ Հայաստանը մեղադրեց` Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուներու դէմ «սադրանքներ» կազմակերպելու մէջ: Ան կեղծելով պնդեց` «Մենք կասկած չունինք, որ ահաբեկչութիւնն ու աւերածութիւնը կազմակերպուած են Հայաստանի կողմէ: Ինչո՞ւ այս կ՛ըսեմ: Որովհետեւ 1990-ականներուն հայկական յատուկ ծառայութիւնները (Ազրպէյճանի մէջ) իրականացուցած են 32 ահաբեկչական գործողութիւն` պայթիւններ մեթրոյի, փոխադրակառքերու, լաստանաւերու եւ շոգեկառքերու մէջ: Այդ զարհուրելի ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած է աւելի քան 2000 ազրպէյճանցի»:
Այնուհետեւ Ալիեւ փորձեց ղարաբաղեան հակամարտութիւնը վերածել կրօնական պատերազմի` հայերը մեղադրելով «ազրպէյճանական ժողովուրդի եւ ամբողջ իսլամական աշխարհի նկատմամբ ատելութեան ծայրայեղ աստիճան»-ի մէջ` մոռնալով, որ Հայաստան ու հայեր ամենաջերմ յարաբերութիւններ ունին իսլամական բազմաթիւ երկիրներու հետ:
Ալիեւ հերթական անգամ ստեց` պնդելով, որ Ազրպէյճան կատարած է «պատերազմէն ետք նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրին բոլոր դրոյթները»: Սակայն պատերազմէն երկու տարի անց տասնեակ հայ ռազմագերիներ կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերը: Ան նաեւ ստեց այն մասին, որ Հայաստան չ՛ապահովեր «Ազրպէյճանի անարգել մուտքը դէպի Նախիջեւան»: Բայց Հայաստան բազմիցս յայտարարած է նման ճամբայ մը տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին, մինչդեռ Ազրպէյճանն է, որ չէ արձագանգած:
Ալիեւ եզրափակեց իր ելոյթը` յայտարարելով, որ իր «համբերութիւնը անսահմանափակ չէ» եւ սպառնաց, որ եթէ չստանայ այն, ինչ որ կը պահանջէ Հայաստանէն, «մեզի այլ տարբերակ չի մնար, քան` գործել համապատասխանաբար»:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ վարչապետ Փաշինեան` հակադարձելով Ալիեւի սուտերուն: Ազրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումը կոչելով «չհրահրուած ռազմական յարձակում Հայաստանի դէմ»` Փաշինեան դատապարտեց ազրպէյճանցի զինուորականները ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ` Ժընեւի համաձայնութեան խախտումով հայ ռազմագերիները մահապատիժի ենթարկելով:
Փաշինեան նաեւ մեղադրեց Ազրպէյճանը «Հայաստանէն յաւելեալ տարածքներ գրաւելու» մտադրութեան համար: Ան մեղադրեց «տարածաշրջանային ապահովութեան կազմակերպութիւններու (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) անբաւարար արձագանգը… որ շատ սուր հարցեր յառաջացուցած է հայ հանրութեան շրջանակէն ներս»: Ան հարցուց` արդեօք ՀԱՊԿ կը ճանչնա՞յ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն սահմանները:
Փաշինեան ըսաւ, որ Ազրպէյճան միայն հիմա կ՛ուզէ գիտնալ 1990-ականներու ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին անհետ կորսուած ազրպէյճանցի զինուորներու ճակատագրին մասին` բացայայտելով, որ այդ պատերազմէն ետք կորսուած կը նկատուին 777, իսկ 2020-ի պատերազմէն ետք 217 հայեր:
Փաշինեան քննադատեց Ազրպէյճանը` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ համաձայնեցուած ճամբան կեղծելով «միջանցք» որակելու համար: Ան ըսաւ, որ թէեւ 2020-ի յայտարարութեան մէջ «յստակ կը յիշուի» Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Ազրպէյճան կը պնդէ, որ անիկա «գոյութիւն չունի»:
Փաշինեան պատասխանեց նաեւ Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, որ Հայաստան ականապատած է ազրպէյճանական տարածքները, 2020-ի պատերազմէն ետք: Փաշինեան յայտարարեց, որ` «Նման ականապատում տեղի ունեցած է ամբողջութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին: Եւ մեր իրաւունքն է ձեռնարկել ապահովական որոշ քայլերու` պաշտպանելու համար մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Փաշինեան նաեւ հակադարձեց Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը կը կրէ կրօնական բնոյթ: Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի սերտ յարաբերութիւնները մահմետական բազմաթիւ երկիրներու հետ:
Փաշինեան հերքեց, որ Հայաստան յարձակում կազմակերպած է Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն վրայ, օտար երկիրներու մէջ: Ո՞ւր են ապացոյցները, հարցուց ան:
Եզրափակելով իր խօսքը` Փաշինեան անգամ մը եւս խօսեցաւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան իր անհիմն ակնկալիքներուն մասին` հաշուի առնելով Հայաստանի նկատմամբ անոնց շարունակական թշնամութիւնը: Կարելի չէ խաղաղութիւն ձեռք բերել մէկ կողմէ, մինչ միւս կողմը կը փորձէ սպաննել քեզ:
Թշնամին, որ անընդհատ կը յարձակի վրադ եւ ատրճանակը կ՛ուղղէ գլխուդ, չի կրնար խաղաղութեան յուսալի գործընկեր նկատուիլ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


