Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Իսրայէլ Ուքրանիոյ զէնք պիտի չծախէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Կանցի յայտարարութենէն ժամեր առաջ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, թէ Քիեւ Իսրայէլէն զինուորական օժանդակութիւն պիտի խնդրէ:
Կանց «Քոլ Չայ» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է. «Կ՛ուզեմ յստակացնել, թէ Ուքրանիոյ զէնք պիտի չծախենք… անոնց բժշկական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեցինք: Պէտք է հարցը յստակ ըլլայ: Անոնց զէնք պիտի չծախենք»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երկուշաբթի օր նշած էր. «Իսրայէլ, ըստ երեւոյթին, կը պատրաստուի Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու»` շեշտելով, որ ատիկա «շատ անխոհեմ քայլ մըն է, որ պիտի քանդէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բոլոր երկկողմանի յարաբերութիւնները»:


