Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճանի հիւսիսը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու ռազմափորձերը: «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի առտու ռազմափորձերու տարածք ուղարկուած են նաեւ Յեղափոխական պահակագունդի այլ ստորաբաժանումներ:
Ռազմափորձերու տարածք կ՛ուղարկուին ամէն տեսակի հրասայլեր, թնդանօթներ, զրահապատ մեքենաներ, հրթիռային ստորաբաժանումներ, օժանդակ մեքենաներ եւ այլ սպառազինութիւն:
Ռազմափորձերու երկրորդ օրը տարածք այցելած է Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր:
Ռազմափորձերու ընթացքին կը ցուցադրուին Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու վերջին յառաջադէմ, արդիական եւ ժամանակակից սարքաւորումները:
Ռազմափորձերը մէկ մասն են տարեկան առաքելութեան, որ ուղղուած է Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու մարտունակութեան բարձրացման:


