Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի եւ Իրանի խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարին հետ` յայտարարելով, որ Իրան վճռական է խորացնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան անդրադարձած է Իրանի սկզբունքային քաղաքականութեան` յարգել բոլոր երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղած է խաղաղ ճամբով լուծելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարակարծութիւնները:
Ապտոլլահեան ըսած է, որ Թեհրան դէմ է միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան կամ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան:


