Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդիականութեան Եւ Աւանդութեան Միջեւ

October 14, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ազգերու, ժողովուրդներու ամէնէն բարդ խնդիրներէն են արդիականութիւնն ու աւանդապահութիւնը: Անշուշտ կարելի չէ մակերեսային մօտեցումով տեսակէտ արտայայտել, ոչ ալ քանի մը տողով` կարծիք: Բախտաւոր են եւ գոյատեւած են բոլոր այն ազգերը, որոնք երկուքին ոսկի միջինը գտած են: «Պի.Պի.Սի».-ի յօդուածագիր Փումզա Ֆիհլանի այցելած է Նամիպիոյ հիմպա ժողովուրդին եւ հրապարակած` իր տեսածներն ու լսածները, թէեւ` մակերեսային մօտեցումով մը:

Ն.

Նամիպիոյ հիմպա ժողովուրդը  յայտնուած է աւանդութիւններու եւ արդիականութեան միջեւ

Փրկուելով 1900-ականներուն գերմանական ուժերու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութենէն, Նամիպիոյ հիմպա ժողովուրդը այժմ աւելի մեծ վտանգի առջեւ կանգնած է իրենց ապրելակերպին համար` յափշտակուելով արդիականութեամբ:

Սերունդէ սերունդ Օմուհորօ գիւղին մէջ քիչ բան փոխուած է. մարդիկ կ՛ապրին հեռուն եւ կտրուած են մնացեալ աշխարհէն:

Առաւօտեան կթելու ժամն է,  գիւղի կիներու առօրեայ պարտականութիւններէն մէկը:

Օրերը երկար են, բայց իւրաքանչիւրը իր դերը ունի խաղալու:

Աւելի տարեց կիներ քիլոմեթրեր կը քալեն` վառելափայտ եւ ջուր հաւաքելու համար, իսկ այլ խումբ մը կը կեդրոնանայ մեծաքանակ ուտելիք պատրաստելու վրայ, որպէսզի կերակրէ այս տան շուրջ 30 բերանները:

Տղամարդիկ հիմնականին մէջ կը խնամեն մեծ եղջերաւոր անասունները եւ այծերը, իսկ երիտասարդ աղջիկները կ՛օգնեն հոգ տանելու վազող բազմաթիւ երեխաներուն. կայ ընդհանուր պատասխանատուութեան զգացում:

Սակայն 1990-ականներու սկիզբը Նամիպիոյ անկախացումէն ի վեր, սկսած է երեւան գալ այլ ապրելակերպ:

«Երեխաները ամօթ կը զգան»

Երիտասարդ տղամարդոց եւ կիներու կայուն հոսքը կը նախընտրէ լքել գիւղի դանդաղ կեանքը` արագընթաց ժամանակակից աշխարհի դիմաց:

Այժմ ոմանք մտահոգ են, որ այս քայլը ի վերջոյ կը յանգեցնէ հիմպա մշակոյթի մահուան:

Օուէն Կատապարոն` hիմպա տղամարդը, որ մեծցած է Օմուհորոյի մէջ, զիս տարաւԿունենէ` չոր եւ գիւղական շրջան մը Նամիպիոյ հիւսիս-արեւելքը, ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս կը փոխուի իր համայնքը:

Մեզ կը դիմաւորէ գիւղապետ Նոնկապան:

Ան ունի չորս կին եւ 19 երեխայ. ան փոքրակազմ մարդ մըն է, բայց հեղինակութիւն ունի:

Անոր երեխաներէն երեքը դպրոց կը յաճախեն: Որոշ գիւղացիներ կը կարծեն, որ ասիկա վատ գաղափար է: Անոնք կ՛ըսեն, որ կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս դպրոցը կը փոխէ իրենց երեխաները:

Պարոն Կատապարոն համաձայն է:

«Երբ այս երեխաները դպրոց կը մտնեն, անոնց մեծ մասը կ’ամչնայ, կը կարծեն, թէ երեխաներու մեծ մասը իրենց մասին կը խօսին, որ այնքան ալ գեղեցիկ տեսք չունին»,- կ’ըսէ ան:

Կարմիր խճճուած հիւսք

Հիմպաները յայտնի են իրենց կարմիր խճճուած հիւսքով, որոնք քրտնաջանօրէն պատրաստուած են` խառնելով կենդանական ճարպը, մոխիրը եւ փշրուած կաւը` տեղական քարի տեսակ մը:

Քանի մը քայլ այն կողմ, ուր մենք նստած ենք,  խումբ մը կիներ կը զարդարուին: Անոնք իրենց մարմիններուն կը քսեն նոյն այդ  խառնուրդը:

Հիմպա կիներ իրենց մորթին կը քսեն կարմիր կաւի տեսակ մը` որպէս գեղեցկացման առօրեայ ծէս

Անոնց կարմիր մահոգանի մորթը կը փայլի Նամիպիոյ արեւուն տակ: Անոնք ինծի կ՛ըսեն, որ ասիկա իրենց գեղեցկացման ծէսն է եւ իրենց  տարբերակիչ յատկանիշներէն մէկը:

Զիս կը զարմացնէ, որ պարոն Կատապարոն արեւմտեան հագուստով է` շորթ մը եւ կապոյտ շապիկ:

Ան այժմ յաջող գործարար է: Պարոն Կատապարոն կ՛ըսէ, թէ կը զգայ, որ պէտք է ձուլուի, որպէսզի յարմարի:

«Երբ գիւղէն դուրս մեր աւանդական հագուստով կ՛ըլլամ, տարօրինակ հայեացքներով ինծի կը նային: Քանի մը առեւտրական գործեր ունիմ, եւ մարդիկ ինծի աւելի յարգանքով կը վերաբերին, երբ իրենց կը նմանիմ, աւելի լուրջ կը  վերաբերին», կ՛ըսէ ան:

Հիմպա մարդիկ անհիմն ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց գիւղերէն դուրս 

Այս գիւղի երիտասարդները զայն կը տեսնեն որպէս յաջողութեան նշան:

Ան այս ազդեցութենէն շատ գոհ չէ եւ  կըսէ.

«Բազմաթիւ տղաներ կը լքեն գիւղը եւ կ՛իջնեն քաղաք` աշխատանք գտնելու: Տղոցմէ ոմանք աշխատանք կը գտնեն, ոմանք` ոչ, իսկ յետոյ կարգ մը տղաք կ՛որոշեն ոգելից ըմպելի գործածել եւ կը քանդեն իրենց  կեանքը»:

Անոնց համար, որոնք կը լքեն գիւղը, ամէնէն մօտ քաղաքը Օպուվոն է` ժամ մը ինքնաշարժով հեռաւորութեան վրայ եւ այս շրջանի մայրաքաղաքը:

Այս հիանալու վայր մը չէ, բայց անոր ճաշարանները, հանրախանութներն ու պարերը կ՛առաջարկեն բոլորովին այլ կեանքի առաջին համը:

Խմելու խնդիր

Օպուվոյի մէջ ապրող հիմպայի մը ամէնէն յայտնի վայրերէն մէկը «Արսենալ» պարն է, որ կը պատկանի հիմպա Սեպլոն Նքիֆանգելվային, որ պարոն Կատապարոյի ընկերն է: Այն մէկն է շրջանի 15 պարերէն, որոնք բոլորն ալ կը պատկանին անոր:

Այստեղ անոնք կու գան թօթափելու աւանդական կեանքի հետ կապուած պարտականութիւնները, այս աշխարհին մէջ ամէն մէկը ինքզինքին համար է:

«Արսենալ» պարը յայտնի վայր է Օպուվոյի մէջ շատ հիմպա մարդոց համար

«Իմ յաճախորդներուս մեծ մասը հիմպաներ են, անոնք ամէն օր կու գան այստեղ», կ՛ըսէ Նկիֆանգելվա:

«Երբեմն ես կ՛ամչնամ, երբ տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս այստեղ կը գինովնան հիմպա համայնքի անդամները: Բայց ես նոյնպէս կ՛ամչնամ` տեսնելով զանոնք արեւմտեան հագուստով», կ՛աւելցնէ ան:

«Աշխարհը փոխուած է»

Օմուհորոյի մէջ գիւղապետ Նոնկապանը կ՛ըսէ, որ այս երկընտրանքը անխուսափելի է:

Որպէս գիւղապետ` դուք կրնաք ակնկալել, որ ան կը պայքարի անցեալին կառչելու համար, բայց փոխարէնը ան կը պատրաստուի իր երեխաները գիւղի պատերէն դուրս, կեանքի համար, զանոնք դպրոց ուղարկել:

Գիւղապետը կ՛ուզէ, որ իր երեխաները կարողանան յաջողիլ ժամանակակից աշխարհին մէջ:

Սակայն ան, որ կեանքին մէջ  երբեք ոտքը դասարանէն ներս չէ դրած, կ՛ըսէ, որ իր պարտականութիւնն է երեխաները պատրաստել գիւղէն դուրս կեանքի համար:

«Ես կ՛ուզեմ, որ անոնք դառնան բժիշկ, ուսուցիչներ, աշխատին կառավարութեան մէջ, ես կ՛ուզեմ, որ անոնք ինձմէ տարբեր կեանքով ապրին, ես կ՛ուզեմ, որ անոնք նմանին քեզի», ան կ՛ըսէ ինծի:

– Ինչո՞ւ,- կը հարցնեմ:

Ան առանց վարանելու կը պատասխանէ.

– Աշխարհը փոխուած է:

Բայց անոր կիներէն մէկը` Մամա Մոհարերվան, բարձրահասակ, բարձրաձայն կ՛ըսէ, որ իրենց մարդիկը գիւղին մէջն են:

«Մեզի համար ամէնէն լաւ կեանքը գիւղին մէջն է, այսպէս ապրած ենք երկար տարիներ, այդ գիտենք, քաղաքին մէջ մենք չենք կրնար գոյատեւել»:

Մարդիկ, ինչպիսին է Կատապարոն, յայտնուած են ժամանակակից կեանքի գրաւչութեան եւ իր աւանդական մշակոյթը փրկելու ցանկութեան միջեւ:

Ան կ՛ըսէ. «Այդ զիս շատ կը վախցնէ, ես կը նախընտրէի մեռնիլ` իմ ժողովուրդիս աւանդութինները չաւարտած»:

Նախորդը

Յիշատակներու Ընդմէջէն

Յաջորդը

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Եւ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեանց Երկրորդ Տարելիցի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ
Մշակութային եւ Այլազան

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

September 11, 2026
Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը  Այլեւս  Չեն Ուզեր  Մեծահարուստի  Տեսք Ունենալ
Մշակութային եւ Այլազան

Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը Այլեւս Չեն Ուզեր Մեծահարուստի Տեսք Ունենալ

September 4, 2026
Բուրգերը Տակաւին Առեղծուած Կը Մնան
Մշակութային եւ Այլազան

Բուրգերը Տակաւին Առեղծուած Կը Մնան

August 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.