Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաստ Է, Որ Ազրպէյճանը Ռմբակոծած Է Հայաստանի Տարածքը» Կ՛ըսէ Պորել

October 7, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել 4 հոկտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ յստակօրէն արձանագրած է սեպտեմբերին Հայաստանի գերիշխան տարածքի նկատմամբ Ազրպէյճանի գործած յարձակման ու Հայաստանի տարածքը ռմբակոծելու եւ բռնագրաւումի ենթարկելու փաստը:

«Ազրպէյճան ակնյայտօրէն ռմբակոծած է Հայաստանի տարածքը, անոնք օգտագործած են հրետանի, անօդաչու թռչող սարքեր: Մենք չենք խօսիր ռազմական գործողութիւններու մասին, որոնք տեղի ունեցած են վիճելի տարածքի մէջ, մենք կը խօսինք գործողութիւններու մասին, որոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի տարածքին մէջ: Երկու երկիրները զիրար կը մեղադրեն զինադադարի դրութիւնը խախտելու յանցանքով, սակայն փաստն այն է, որ Ազրպէյճանը ռմբակոծած է Հայաստանի տարածքը», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` նշած է Պորել, փաստելով, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը նաեւ բռնագրաւած են Հայաստանի որոշ տարածքներ:

Յանձնակատարը վստահեցուց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ քրտնաջան աշխատանք կը տարուի` թուլացնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը: Այդ նպատակով հանդիպումներ կազմակերպուած են երկու երկիրներու բարձրաստիճան ղեկավարութեանց հետ, կոչ ուղղած է վերսկսելու ուղիղ հաղորդակցութիւնները: «Այլեւս ի՞նչ կրնանք ընել: Մենք չենք կրնար մեր ըրածէն աւելին ընել: Մենք ունինք որոշակի կարողութիւններ, ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ գաղափարներ փոխանակենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել», դիմելով երեսփոխաններուն ըսած է Պորել:

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահը յայտնած է, որ իրենց կողմէ առաջարկ եղած է Եւրոպական Միութեան միջնորդական առաքելութիւն տեղակայել հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: «Հայաստանը համաձայնած է այդ առաջարկին, Ազրպէյճանը` ոչ: Աւելին ի՞նչ կրնանք ընել: Մենք չենք կրնար Եւրոպական Միութեան զօրքեր ուղարկել` առանց երկու կողմերու համաձայնութեան», յայտարարած է Պորել:

Ան անդրադարձած է նաեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն Թուրքիոյ եռանդուն մասնակցութեան փաստին` նշելով. «Ակնյայտ է, որ Թուրքիան կը շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանին»:

Պորել ողջունած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներու սկսելու Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը` աւելցնելով. «Կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանները բացուին, որովհետեւ ատիկա պիտի օգնէ մեղմացնելու լարուածութիւնը»:

Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը կոչ ուղղած է նաեւ հետաքննելու տեսանիւթը, ուր հայ պատերազմական գերիները դաժանօրէն կը սպաննուին ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ:

Անդրադառնալով նախապէս Ազրպէյճանի հետ կնքուած կազի մատակարարման համաձայնագիրին` Պորել հաւաստած է. «Ուժանիւթային համաձայնագիրը ի վնաս մարդու իրաւունքներուն պիտի չգործէ»:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Շուրջ Արեւմուտքին Մօտեցումները Ամբողջովին Հաւասարակշռուած Չեն» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Գերմանիոյ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Կոչ Ուղղած Է Հետաքննելու Հայ Պատերազմական Գերիներու Գնդակահարումը Ցուցադրող Տեսանիւթը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.