ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2022-2023 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացման առիթով,
հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)
Ս. պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 2022-2023 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, ապա Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու դպրեվանեցիներուն` բարի վերամուտ մը ունենալու մաղթանքով:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՆԱՀԻՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»
Հեղինակ` ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
Հրատարակութեան պատրաստեց եւ ծանօթագրեց`
ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Խմբագիր` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Տպագրութիւն` «Եգէա» տպագրատան
Երեւան, 2022
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան 23 եւ 30 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00:
Դասաւանդութիւնները կը սկսին 7 հոկտեմբեր 2022-ին:
Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնին հետ: Մանրամասնութիւններու համար դիմել ԽԳՄԿ-ի քարտուղարութեան:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

