ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.600 լ. ոսկի է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` Հոկտեմբերեան ազատագրական պատերազմի 49-ամեակին առիթով: Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան հակամէտ է եւ կը զօրակցի Սուրիոյ` Կոլանի արաբականութիւնը պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դիմադրելու անոր պայքարին մէջ: Պըրրի շնորհաւորեց նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին` 1973 հոկտեմբերի յաղթանակի տարեդարձին առիթով: Պըրրի իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Եգիպտոսին եւ եգիպտացի ժողովուրդին: Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 6000 լ. ոսկիով, մազութը` 6000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 692.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 710.000 լ. ոսկի, մազութը` 802.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 418.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` տարբեր մակարդակներու վրայ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հաստատեց, որ ցորենն ու ալիւրը ապահովուած են, եւ հացի տագնապը արդէն իսկ իրենց ետին կը գտնուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ Հարեթ Հըրէյքի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն կառավարութեան կազմութեան հարցով աշխատելու մէկ չափ մէկ կշիռի ռազմավարութեամբ: Ան շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած կառավարութիւն մը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի զգուշացուց նախագահական ընտրութիւնները յետաձգելու հսկայական ճիգերէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
ԹԱՅՅՈՒՆԷԻ զինեալ միջադէպին պատճառով ձերբակալուած յանցագործներուն ընտանիքներն ու հարազատները երէկ երեկոյեան հրկիզուած անիւներով փակեցին Սայտայի հին ճամբան եւ արգիլեցին ինքնաշարժներու երթեւեկը, ինչ որ պատճառ դարձաւ երթեւեկի ահաւոր խճողումի:


