Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան շրջանային հարցերու յանձնակատար Օլիվըր Վարհելյին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերը` պահանջելով Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնը` դիւրացնելու տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը եւ յատկապէս Եւրոպական Միութիւնը կ՛անտեսեն Լիբանանի այս պահանջը, իսկ կարգ մը մեծ պետութիւններ ճնշումներ կը բանեցնեն` Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող հիւրընկալ շրջանակներու եւ լիբանանեան հասարակութեան միաձուլելու ուղղութեամբ:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան մշակած տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը ապահով եւ կամաւոր տունդարձ կ՛ապահովէ անոնց, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ ապահով հսկայ տարածքներ ու շրջաններ կան, եւ Սուրիա պատրաստ է հիւրընկալելու իր քաղաքացիները:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու ընթացքը առկայ է` աւելցնելով, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումը արդէն իսկ իր վերջին փուլին մէջ կը գտնուի, որուն իբրեւ արդիւնք Լիբանան պիտի կարենայ իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը օգտագործել:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները այս ամսուան ընթացքին պիտի աշխուժանան` մաղթելով, որ խորհրդարանը մինչեւ 31 հոկտեմբեր հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրէ:
Վարհելյի կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն` գործադրելու բարեկարգումները, որոնք պահանջուած են Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան իսկապէս դժուար իրավիճակէ մը կը տառապի` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանին պիտի տրամադրէ 229 միլիոն եւրոյի յատկացում մը:
Նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք Վարհելյի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է նեցուկ կանգնելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, «սակայն ժողովուրդը իրաւունք ունի իմանալու, թէ ի՛նչ պատահած է Կեդրոնական դրամատան մէջ, դրամատուներուն մէջ եւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Պէտք է բացայայտել այս բոլոր ճշմարտութիւնները եւ նկատի ունենալ անոնց հետեւանքները», ըսաւ ան:
Վարհելյի հաստատեց, որ խորհրդարանը պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահ մը, ինչպէս նաեւ պէտք է կազմուի երկրին նոր կառավարութիւնը: «Լիբանանն ու լիբանանցիները արժանի են աւելի լաւ ապագայի մը, ուր բարօրութիւն կայ եւ ապահովական կայունութիւն: Եւրոպան ձեր կողքին է եւ պիտի օժանդակէ Լիբանանին, սակայն Եւրոպան չի կրնար Լիբանանին օժանդակել, եթէ Լիբանան ինքնիրեն օգտակար չդառնայ», եզրափակեց Վարհելյի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարհելյի այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ եւրոպացի յանձնակատարը յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին յատկացուելիք օժանդակութիւնները պիտի բարձրանան, եւ անոնց վրայ պիտի աւելնան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն համար ճշդուած օժանդակութիւնները:
Վարհելյի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ:
Վարհելյի այցելեց նաեւ Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով «Քարիթաս»-ի գործադրած մէկ ծրագիրը:


