Իսլամ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Ալի Ամինի յետմահու յիշատակի ձեռնարկին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ սէյիտ Ամինի յատկանիշներուն, արժանիքներուն եւ վաստակին:
Միւս կողմէ, ծովային սահմանագծումի թղթածրարին անդրադառնալով, սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ամիսներու վրայ երկարող քաղաքական եւ քարոզչական ջանքերէ ետք, իշխանութեան երեք պետերը ստացան սահմանագծումի բանագնացին գրաւոր առաջարկը, որ կարեւոր քայլ մըն է:
«Ծովային սահմանագծումի սեմին կը գտնուինք, եւ լիբանանեան պետութեան հայեցողութեան ձգուած է Լիբանանի շահերուն ապահովումը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականայ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա մաղթեց, որ դրական աւարտի մը յանգին այդ ջանքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն դիմաց խոստմնալից հորիզոններ բանալ: «Այդ նուաճումը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան արդիւնքը, սակայն դժբախտաբար կարգ մը կողմեր կը մերժեն տեսնել այդ նուաճումը», յայտնեց ան:
Խորհրդարանին գումարած վերջին նիստին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այս փուլին երկրին մէջ չկայ քաղաքական կողմ մը կամ դաշինք մը, որ մեծամասնութիւն ունի:
«Ո՛վ որ կը փափաքի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրել, մարտահրաւէրի տրամաբանութենէն եւ մարտահրաւէրի նախագահի գաղափարէն պէտք է խուսափի: Ինչպէ՞ս կարելի է կերտել երկիր մը, որուն նախագահը մարտահրաւէրի նախագահ է եւ կ՛ուզէ Դիմադրութեան զօրակցող լիբանանցիներուն մեծամասնութեան հակառակիլ», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին` աւելցնելով, որ ժամանակը կարճ է, սակայն ինք տակաւին յոյս ունի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ ռուս-ուքրանական բախումները այլեւս շրջանային միջադէպեր եւ զարգացումներ չեն նկատուիր, այլ` կը նկատուին միջազգային զարգացումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան աշխարհի եւ Լիբանանի վրայ:


