Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Լուկանսքը, Տոնեցքը, Զափորոժիէն Եւ Խերսոնը Ռուսական Շրջաններ Դարձան, Եւ Անոնց Բնակիչները` Ռուսիոյ Քաղաքացիներ. Մենք Ամէն Բան Պիտի Ընենք Պաշտպանելու Համար Մեր Հողերը»

October 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ուքրանական 4 շրջաններու Ռուսիոյ դաշնակցութեան միացման համաձայնութիւններու ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարեց, որ «Լուկանսքը, Տոնեցքը, Զափորոժիէն եւ Խերսոնը ռուսական շրջաններ դարձան»` աւելցնելով. «Ատիկա միլիոնաւոր մարդոց կամքն է»: «Խորհրդային Միութեան մասնատման աղէտէն ետք, այդ շրջաններու միլիոնաւոր բնակիչներու ընտրանքը կ՛իրականանայ», ըսաւ ան:

«Լուկանսքի ու Տոնեցքի բնակիչները տարիներ պաշարումի եւ ատելութեան ենթարկուելէ ետք յաւիտեանս Ռուսիոյ քաղաքացիներ դարձան», նշեց Փութին` աւելցնելով. «Ամէն ինչ պիտի ընենք պաշտպանելու համար մեր հողերը, եւ Քիեւի վարչակարգը պէտք է յարգէ ժողովրդային կամքը, միայն այդ կրնայ ըլլալ խաղաղութեան ճամբան»:

«Արեւմուտքը իր դիմակը վար առաւ եւ ուզեց մեզի ստիպել ընդունիլ բռնատիրական որոշումներ, ինչպէս նաեւ մեզ տկարացնել ու վերադարձնել Պաղ պատերազմի տարիներուն», ըսաւ ան:

«Եւրոպացիները ձգտեցան նոր միջոցներով պահպանել գաղութատիրութիւնը, եւ անոնք իրենց շահերուն իրագործման համար իրենց տիրութիւնը այլոց կը պարտադրեն», յայտնեց Փութին:

«Արեւմուտքը Ռուսիան տկարացնելու եւ կործանելու նոր կարելիութիւն կը փնտռէ. անոնց նեղութիւն կը պատճառէ, որ այսպիսի մեծ երկիր կայ», Քրեմլինի Գէորգիեւեան դահլիճին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Արեւմուտքը կը փորձէ ամէն ինչ ընել նոր գաղութատիրական համակարգը կենդանի պահելու համար` միեւնոյն ժամանակ շարունակելով վարել իր աւազակային քաղաքականութիւնը»:

Անոր համաձայն, Արեւմուտքին համար կարեւոր է, որ բոլոր երկիրները իրենց գերիշխանութիւնը յանձնեն Միացեալ Նահանգներուն, Արեւմուտքը Ռուսիան կ՛ուզէ տեսնել իբրեւ գաղութ եւ ոչ թէ ազատ երկիր:

«Արեւմուտքի նշանառութեան տակ կը գտնուին բոլորը, ներառեալ Ռուսիոյ ամէնէն մօտ դրացիները, ԱՊՀ-ի երկիրները», ըսաւ Քրեմլինի ղեկավարը:

«Խորհրդային Միութիւն չկայ, անցեալ չկայ: Այո՛, եւ այսօր ատիկա այլեւս Ռուսիոյ պէտք չէ, մենք ատոր չենք ձգտիր: Սակայն չկայ աւելի ուժեղ բան, քան վճռականութիւնը միլիոնաւոր մարդոց, որոնք իրենց մշակոյթով, հաւատքով, աւանդութիւններով, լեզուով իրենք զիրենք Ռուսիոյ մասը կը նկատեն», նշեց Փութին:

Իր խօսքի աւարտին Ռուսիոյ նախագահը Քրեմլինի Գէորգիեւեան դահլիճին մէջ ստորագրեց Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւններու, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերու` Ռուսիոյ դաշնակցութեան կազմ ներառման եւ այդ կազմին մէջ նոր շրջաններու ձեւաւորման մասին համաձայնագիրները:

Փութին ժամեր առաջ արդէն ստորագրած էր Խերսոնի եւ Զափորոժիէի անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրը:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Մոսկուան ուքրանական հարուածները այն տարածքներուն, որոնք պիտի դառնան Ռուսիոյ դաշնակցութեան մաս, պիտի նկատէ իբրեւ Ռուսիոյ դէմ յարձակումի արարք:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Ռուսիան ի՞նչ պիտի նկատէ Ռուսիոյ դաշնակցութեան կազմին մէջ մտնող նոր տարածքներուն դէմ հաւանական հարուածները. ատիկա իբրեւ Ռուսիոյ դէմ յարձակում պիտի նկատուի՞ համապատասխան պատասխանով, թէ՞ ատիկա այլ բան պիտի ըլլայ, Փեսքով ըսաւ. «Ո՛չ, այլ բան պիտի չըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախքան այդ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները երբեք, երբեք, երբեք պիտի չճանչնան Ուքրանիոյ գերիշխան տարածքին նկատմամբ Ռուսիոյ յաւակնութիւնները»:

Ճոզեփ Պորել իր կարգին յայտարարեց. «Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը բանակցելի չեն»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Ուքրանիոյ նկատմամբ մեր դիրքորոշումը հաստատ կը մնայ. կը յարգենք անոր գերիշխանութիւնը` հաշուի առնելով որեւէ այլ պետութեան ապահովական մտավախութիւնները»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ուքրանական 4 շրջաններու Ռուսիոյ կցումէն ետք ուքրանական բանակի հրամանատարներուն հետ գումարեց արտակարգ ժողով մը, որմէ ետք յայտարարեց .«Վճռական քայլ մը առինք ստորագրելով Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ին շտապ անդամակցութեան դիմումը»:

 

 

Նախորդը

«Տակաւին Կանուխ Է Կռահելու «Նորտ Սթրիմ»-ի Պայթումին Հեղինակին Ինքնութիւնը» Կ՛ըսէ Օսթին

Յաջորդը

Լուքա Մոտրիչ Վնասուածք Ստացաւ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.