Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տակաւին Կանուխ Է Կռահելու «Նորտ Սթրիմ»-ի Պայթումին Հեղինակին Ինքնութիւնը» Կ՛ըսէ Օսթին

October 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է կռահելու կազի «Նորտ Սթրիմ» խողովակաշարի ականահարումներու հեղինակներուն ինքնութիւնը:

Փենթակոնի ղեկավարը Հաուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Ինչ կը վերաբերի խողովակաշարերուն դէմ յարձակումին կամ վնասուելուն, կը կարծեմ, որ ներկայ փուլին շատ ենթադրութիւններ կան, սակայն ամենայն անկեղծութեամբ, ոչ ոք պիտի կարենայ հաստատօրէն ճշդել, թէ ի՛նչ պատահած է նախքան ամբողջական հետաքննութիւն կատարելը»:

«Մինչեւ որ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանանք կամ յաւելեալ վերլուծումներ կատարել կարենանք, պիտի չկարենանք (խողովակաշարերուն վնասման) պատասխանատուներուն ինքնութիւնը կռահել», աւելցուց Օսթին:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շան Ռապըրթսըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պիտի չկռահէ կամ պիտի կանխէ «Նորտ Սթրիմ 1 եւ 2» խողովակաշարերէն հաւանական խափանարարական արարքի մը պատճառով կազի սպրդումի շուրջ եւրոպական հետաքննութեան արդիւնքը»:

Ըստ օդանաւային թռիչքներուն հետեւող «Ֆլայթռատար24»-ի աղբիւրին, «ամերիկեան զինուորական ուղղաթիռներ սեպտեմբերին կանոնաւոր կերպով թռիչքներ կատարած են հետագային Փոռնհոլըմ կղզիին մօտ «Նորտ Սթրիմ»-էն կազի սպրդումի շրջանին վերեւ, եւ ժամերով շրջած են այն ջրային շրջանին վերեւ, ուր կը գտնուին կազի խողովակաշարերը»:

«Նորթ Սթրիմ Էյ.Ճի.» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ խողովակաշարերուն մէջ ճնշումի մեծ անկում արձանագրուած է:

«Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ  Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին յայտնած է. «Մենք նիւթեր ունինք, որոնք կը նշեն ահաբեկչական արարքներու կազմակերպման եւ գործադրման արեւմտեան հետքի մասին», ըսած է Նարիշքին` ընդգծելով, որ արեւմտեան երկիրները «գրեթէ յաջորդ օրը միացած են հետաքննութեան, ահաբեկչական արարքի հեղինակներու որոնման: Ես քիչ մը պիտի ճշգրտէի այս գնահատականը: Ըստ իս, Արեւմուտքը ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի ծածկէ միջազգային այս ահաբեկչական գործողութեան իսկական կատարողներն ու կազմակերպիչները», ըսած է ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ երկիրներու հետախուզական ծառայութիւններու լուսաբանման 18-րդ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է. «Հիւսիսային հոսք» եւ «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարին մէջ պայթումներու մասին հաղորդումներէն ետք բառացիօրէն առաջին վայրկեանէն Արեւմուտքը եռանդուն արշաւի սկսաւ մեղաւորները գտնելու համար: Սակայն ակնյայտ է, որ հիմնական շահառուն, նախ եւ առաջ տնտեսական առումով, Միացեալ Նահանգներն են», ըսած է Փաթրուշեւ:

Ան յիշեցուցած է, որ Նիքարակուայի Փուերթօ Սանտինօ նաւահանգիստին մէջ ստորջրեայ խողովակաշարի խափանման առնչուած նոյնպիսի կացութիւն արդէն տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 1983-ին: «Անհրաժեշտ է համակարգուած ջանքեր գործադրել` այդ յանցագործութեան պատուիրատուներն ու մեղաւորները բացայայտելու համար, ինչ որ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութեան լաւ օրինակ պիտի ըլլայ», ընդգծած է Փաթրուշեւ:

 

Նախորդը

«Վիեննայի Մէջ Դրական Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Լուծումը Դիւանագիտութիւնն Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Փութին. «Լուկանսքը, Տոնեցքը, Զափորոժիէն Եւ Խերսոնը Ռուսական Շրջաններ Դարձան, Եւ Անոնց Բնակիչները` Ռուսիոյ Քաղաքացիներ. Մենք Ամէն Բան Պիտի Ընենք Պաշտպանելու Համար Մեր Հողերը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.