Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Ներէ՛, Ո՛վ Տէր

September 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովուրդի մը խօսակցական լեզուին մակարդակէն  մեծ մասամբ կախեալ է անոր ապագան, գոյատեւման հոլովոյթին երաշխաւորութիւնը եւ նոյնինքն լեզուին անաղարտութեան տարողութիւնը: Որքան ճիշդ կը խօսի ժողովուրդը լեզուն, այնքան ապահով կրնաս ըլլալ, որ խնդրոյ առարկայ լեզուին ապագան երաշխաւորուած է: Օտար բառեր, դարձուածքներ, ըսելաձեւեր կ՛աղաւաղեն լեզուն եւ կրնան զայն գլորել անդունդը` անդիմագիծ եւ անհաղորդ բարբաջանքի մը վերածելով զայն:

Անմիջապէս արձանագրենք: Լեզուն ճիշդ կամ սխալ կ՛ըլլայ, ոչ թէ` մաքուր կամ աղտոտ: Մաքուր լաթ, սեղան, գետին, գաւաթ, ապակի կ՛ըլլայ, բայց` ո՛չ լեզուն, որ միայն կրնայ ճիշդ կամ սխալ ըլլալ:

Հիմա անցնինք ամէնէն կենսականին: Այսօր մեր գաղութին մէջ խօսակցական հայերէնին մակարդակը ի՞նչ աստիճանի վրայ կը գտնուի: Անշուշտ նկատի պիտի ունենանք զանգուածը,  մանաւանդ` նոր սերունդը, պատանիները, պարմանուհիները, երիտասարդները եւ երիտասարդուհիները, որոնք բնականօրէն մեր ազգին, անոր լեզուին արթուն պահակները պիտի ըլլան, որովհետեւ ո՛վ չի գիտեր, որ երիտասարդութիւնն է ազգի մը գոյատեւման ամէնէն ամուր կռուանն ու գրաւականը:

Իսկ լուրջ խնդիր կը ծագի, երբ ականջ տանք երիտասարդութեան լայն խաւին խօսակցական հայերէնին: Աստուա՛ծ իմ: Կ՛անճրկիս, կը խռովիս, շատ յաճախ ալ կ՛ապշիս, որ այսքան աղաւաղուած հայերէն մը ուրկէ՞ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ սորված են ու կը խօսին:

Մտնենք հայահոծ շրջանի մը կեդրոնական փողոցը: Անկիւնի մը վրայ կը գտնուի սրճեփ մը, որուն կառքին շուրջ մանաւանդ կէսօրուան դադարին հաւաքուած կ՛ըլլան երիտասարդներ:Մեծ մասը ոսկերիչ է: Կան նաեւ նորելուկ լումայափոխներ, կօշկակարներ, մեքենագործներ եւ այլ արհեստաւորներ: Այսինքն մեր հիանալի երիտասարդութեան աշխատաւոր դասակարգէն են: Այո՛, հիանալի ածականը շատ կը վայելէ մեր երիտասարդութեան, որ սակայն կը խօսի այնպիսի հայերէն մը, որ քեզ կը մղէ լալու ջղայնութենէ կամ հայ ազգին ապագային համար: Ընտրէ պատճառը:

«Լան լռէ պէ: Քել տենկսիզին մէկն է ատ նեմքէօր ղաֆասըզը: Ես, թէօպէ, ա՛լ հետը տեղ չեմ երթար: Ռեզիլ եղանք ակամ»:

Երկու նախադասութիւններուն մէջ կան թրքերէն երկու բացագանչութիւն եւ չորս բառ: Հատ մըն ալ արաբերէնէ առնուած թրքերէն բառ մը:

Խնդիրը, որ առաւել ծիծաղելի կը դարձնէ կացութիւնը, այն է, որ չի բաւեր թրքերէն բառեր գործածելը, վրան ալ սխալ, ի սկզբանէ գոյութիւն չունեցող բառեր են գործածուողները:

Այսպէ՛ս, թրքերէնին մէջ տենկսիզ բառ գոյութիւն չունի: Ճիշդը,որ անշուշտ պէտք է գիտնալ եւ պէտք չէ գործածել, տենկեսիզ է, որ կը նշանակէ անհաւասարակշիռ:

Թրքերէնը չունի, բնաւ չէ ունեցած նեմքէօր բառը: Ճիշդը, որ պէտք է գիտնալ, բայց պէտք չէ գործածել, նանքօր է, որ կը նշանակէ ապերախտ:

Ինչ կը վերաբերի հնչիւնին, որ շատ շեշտուած է ղաֆասըզ բառին մէջ, ճիշդը քաֆասըզ է, որովհետեւ գլուխը թրքերէնով քաֆա է, եւ ոչ թէ` ղաֆա: Իսկ ինչ կը վերաբերի միւս բառերուն` քելին եւ ռեզիլին, բնաւ պէտքը չկայ գործածելու, որովհետեւ ճաղատ եւ խայտառակ բառերը շատ աւելի տպաւորիչ են եւ իրավիճակը հիանալիօրէն կը նկարագրեն: Ճաղատ ապերախտ անհաւասարակշիռ մը, որուն անխելքութեան պատճառով խայտառակ եղեր է մեր երիտասարդը, որ նաեւ երդում տուած է, որ ա՛լ այդ ճաղատ եւ ապերախտ անհաւասարակշիռին հետ տեղ պիտի չերթայ:

Ինչ կը վերաբերի լան պէ-ին, ապա ասիկա թրքերէն ռամիկ բացագանչութիւն մըն է, որուն գործածութիւնը մեր ոսկեղենիկը թիթեղի կը վերածէ: Կը մնայ ական:Աստուած մեղք թող չի համարէ, բայց կը ճանչնամ անձեր, որոնք կրնամ օր մը ապտակել: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ իբր թէ շատ մտերիմ են քեզի հետ, ակայով, ղուրպանով եւ ճիէրով կը խօսին հետդ:

Ո՛վ Տէր, ծով համբերութիւն տուր, որպէսզի փորձութեան չմատնուիմ: Իսկ եթէ մատնուիմ, ներէ՛:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ

Նախորդը

Ո՞վ Պիտի Կերտէ Ազգային Միասնականութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.