Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը` ընկերակցութեամբ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեքի:


