Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յոյն Դիւանագէտը Թիրախաւորեց Ազրպէյճանը Հովանաւորող Պետութիւնը

September 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին Երեւան այցելութիւնը եւ այնտեղ կատարած յայտարարութիւնները լուսարձակի տակ կը բերեն ուշագրաւ հանգամանքներ:

Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմի օրերուն պաշտօնական Աթէնքի ներկայացուցիչին Երեւան այցելութիւնը քաղաքական մեկնաբանութեամբ զօրակցութեան հաւասարազօր քայլ էր: Հիմա եւս պատահականութեան պէտք չէ վերագրել  պատերազմի երկրորդ տարելիցին առիթով Յունաստանի  արտաքին գործոց նախարարին կատարած այցելութիւնը Երեւան:

Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի յարձակման եւ ներխուժման առիթով պաշտօնական Աթէնքի յայտարարութիւնը հասցէականութեամբ չէր յատկանշուեր: Ակնկալելի էր աւելին, նկատի ունենալով բնական դաշնակիցի կարգավիճակն ու Յունաստանին նման սպառնալիքներու ենթակայ ըլլալը: Կայ այստեղ երանգային որոշ շարժառիթ անշուշտ: Այն հռետորաբանութիւնն ու լարուածութիւնը, որ կայ Անգարա-Աթէնք գիծին վրայ, նոյն շեշտադրումները չունի բնականաբար Ազրպէյճանի ուղղութեամբ: Ուժանիւթային գործարքներու իրողութիւնը եւ մանաւանդ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք ազրպէյճանական վառելանիւթի արժեւորումը կը բացատրեն այդ տարբերութիւնը: Ի վերջոյ Ազրպէյճանը չէ որ կը սպառնայ յունաստանեան տարածքներու գրաւման, որքան ալ «մէկ ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւը յայտարարողական գետնի վրայ թէ գործնապէս աշխատած ըլլայ:

Հետեւաբար այս առիթով Յունաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին հնչեցուցած յայտարարութիւններուն մէջ պէտք է տեսնել ենթաբաժին մը, որ կը վերաբերի նաեւ Անգարայի յարձակողականութեան: Առանցքային յայտարարութիւնը հետեւեալն է. «Քարտէսները վերանայելու քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի»:

Եգէական տարածքներու առումով քարտէսի վերանայման ռազմաքաղաքականութիւն կը կիրարկէ Անգարան, եւ ըստ էութեան Անգարային ուղղուած է նաեւ այս ուղերձը: Քաղաքական ընթերցումը միայն այս ենթաբաժինին վրայ չի կեդրոնանար անշուշտ: Խօսքը այս պարագային Անգարայի հովանաւորութեամբ եւ թելադրանքով սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկի շտապողականութեան կը վերաբերի: Նոյն Անգարան է, որ Յունաստանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւններուն կը սպառնայ եւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը կը պայմանաւորէ Ազրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտնոց խաղաղութեան ծրագիրի գործնականացումով. այսինքն` քարտէսներու վերանայումով:

Նոյն Անգարան է, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը կը պայմանականացնէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններու արդիւնաւորումով եւ դասական նախապայմաններու վերափոխումով կ՛առաջադրէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա նոր սահմանագծում. այսինքն` Կարս 2:

Քարտէսներու վերանայման բացառման այս ընդգծումը ենթաուղերձային չէ: Յոյն նախարարը իր հիմնաւորումներու ընթացքին եղած է ուղղակի հասցէական: «Թուրքիան կը փորձէ օգտուիլ այս խառնակ իրավիճակէն, որպէսզի անյարգալից ըլլայ կայունութեան նկատմամբ», ըսած է նախարարը: Դիւանագիտական ըսելաձեւերով այստեղ արդէն կ՛ըսուի, որ Թուրքիան տարածաշրջանային գլխաւոր սպառնալիք է: Մօտաւորապէս այն միտքը, որ ամրագրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ռազմավարութեան հայեցակարգին մէջ: Ինչ որ սակայն գործնապէս կտրուկ շրջադարձի ենթարկուած էր, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ որոշած էին խաղաղութեան դարաշրջանի բանակցութիւններ մղել:

Արեւելեան Միջերկրականի հարցով կար դաշնակցային հասկացողութիւն եւ իրաւապայմանագրային գործակցութիւն Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի միջեւ: Այլ ուղղութեամբ կայ նման իրաւադրոյթներ ներառած համագործակցութիւն Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ: Այստեղ հասարակաց սպառնալիքը կամ այլոց իրաւունքներուն տիրանալ փորձողը Թուրքիան է: Որ իր հերթին հովանաւորած է Ազրպէյճանը:

Յոյն գլխաւոր դիւանագէտը ազրպէյճանական ներխուժումը դատապարտելու համար թիրախաւորեց անոր հովանաւորը, առանց որուն տեղի չէր կրնար ունենալ Արցախի գրաւումը եւ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժումը:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Իրան Ուքրանիոյ Տագնապին Մէջ Որեւէ Կողմի Չ՛աջակցիր, Եւ Բուռն Կերպով Կ՛ընդդիմանանք Որեւէ Պատերազմի» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.