Ֆրանսական Մես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-250» մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ կրեց 4-6, 7-6 եւ 3-6 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 284-րդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Վաւրինքա ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ շուրջ 535 հազար եւրօ, մինչ գործող ախոյեանն է սպանացի Փապլօ Քարենօ Պուսթա:


