Խըրխըզիստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մարատ Իմանքուլով յայտարարած է, որ Պիշքեքը կը նախաձեռնէ Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն հեռացնելու ընթացակարգ: Այս մասին կը հաղորդէ խըրխըզական «էքոնոմիստ» կայքը:
«Այո՛, մենք նախաձեռնած ենք այս հոլովոյթին: Մենք արդէն քանի մը անգամ արծարծած ենք ու կը պատրաստուինք դարձեալ արծարծել: Անդամ պետութիւններուն միջեւ ծագած հարցերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճամբով: Եթէ ոեւէ մէկը ուզէ ուժ կիրարկել, մենք կ՛առաջարկենք զայն հեռացնել կազմակերպութենէն:
«Ինչո՞ւ ատիկա պէտք է, երբ ՀԱՊԿ-ի անդամ կը դառնաս եւ արտաքին սպառնալիքէն պաշտպանութիւն կ՛ակնկալես, սակայն կազմակերպութեան մէջ տագնապ կը ստանաս անդամ երկրի մը հետ: Ժամանակն է, որ մեր երկիրները վերատեսութեան ենթարկեն կանոնադրութեան որոշ հատուածներ, որոնք կը նախատեսեն նման պահեր», ըսած է Իմանքուլով:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Խըրխըզիստանը կը պնդէ տաճկական կողմին հետ բանակցութիւններուն վրայ:
«Տաճիկիստանը մեզի համար թշնամական երկիր չէ, այլ բարեկամ երկիր: Մենք դարեր շարունակ ապրած ենք կողք-կողքի: Տաճիկ ժողովուրդը ատոր հետ կապ չունի: Անոնք իրավիճակի, ընթացող քաղաքականութեան ու քաղաքական գործիչներու պատանդն են: Այնքան ատեն որ Խըրխըզիստանի նկատմամբ այս քաղաքականութիւնը տակաւին վերատեսութեան չէ ենթարկուած, ոչ մէկ լաւ բան պիտի ըլլայ, նման տագնապները պիտի կրկնուին», եզրափակած է Իմանքուլով:
Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի սահմանին վրայ կացութիւնը սրած էր 14 սեպտեմբերին: Խըրխըզական կողմին տուեալներով` չորեքշաբթի օր տաճիկ սահմանապահները մուտք գործած են Խըրխըզիստանի Պաթքեն շրջանի Պուլաք-Պաշի շրջանի սահմանային գօտի եւ «գրաւած մարտական դիրքեր»: Տարածքը լքելու պահանջին ի պատասխան` Տաճիկիստանի սահմանապահները կրակ բացած են, այնուհետեւ փոխադարձ կրակոց սկսած է: Քանի մը ժամ ետք զինեալ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ այլ շրջաններու մէջ:
Տաճկական կողմին վարկածով` սահմանին վրայ կացութիւնը սրած է, երբ խըրխըզ սահմանապահները ականանետերէն կրակ բացած են տաճկական ուղեկալի ուղղութեամբ:
Երկու կողմերէն ալ յայտնած են տասնեակ զոհերու մասին:


