Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի նախանցեալ գիշեր այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, ինչպէս նաեւ պլոքի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Քլեմանսոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պուխարիի հետ քննարկած են բազմաթիւ հարցեր` աւելցնելով, որ Ռիատ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան կայունութեան, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնութեան եւ լիբանանեան սահմանադրութեան գործադրութեան:
Ան շեշտեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է յարգեն սահմանադրական ժամկէտները եւ անոնց ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարեն:
Ճաշկերոյթ` Ի Պատիւ Պուխարիի
Միւս կողմէ, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի իր բնակարանին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ դեսպան Պուխարիի:
Այս առիթով Մախզումի ողջունեց Պուխարին եւ բարձր գնահատեց անոր ջանքերը` Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կամուրջները կայուն պահելու նպատակով:
Մախզումի շեշտեց, որ Ռիատ միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին` առանց միջամուխ դառնալու անոր ներքին հարցերուն:
Մախզումի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ փոփոխութիւնը պիտի գործադրուի, որովհետեւ խորհրդարան հասած է երեսփոխաններու նոր դասակարգ մը, որ պիտի չարտօնէ տիրող քաղաքական ոճով շարունակելու ընթացքը:
Իր կարգին, Պուխարի հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է սկսի բարեկարգումներու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարէ սահմանադրութեան ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:
«Սէուտական Արաբիոյ մաղթանքն է, որ Լիբանան վերականգնի ու բարգաւաճի` այս դժուար երկունքէն ետք», ըսաւ Պուխարի:
Պուխարի` Ժահժահի Մօտ
Պուխարի ուղղուեցաւ նաեւ Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Պուխարիի հետ հանդիպումը երկարատեւ եղած է` աւելցնելով, որ քննարկած են շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները` կեդրոնանալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ:
Ժահժահ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուի կամ յստակ անուան մասին քննարկում չեղաւ, այլ սէուտցի դեսպանին հետ քննարկուեցաւ հանրապետութեան նոր նախագահին յատկանիշները:
Ժահժահ հաստատեց, որ բնական է, որ Սէուտական Արաբիա պիտի մերժէ փտածութիւնը քաջալերող եւ պետութեան մէջ պետութեան զօրակցող հանրապետութեան նախագահը:
Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի համար միակ փրկութիւնը այն է, որ ան կառչած մնայ իր սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին:
Ժահժահ նշեց, որ եթէ ընդդիմութեան երեսփոխանները իրմէ խնդրեն, որ թեկնածութիւն առաջադրէ, ապա ինք պատրաստ է դարձեալ ներկայացնելու նախագահական իր ծրագիրը` աւելցնելով սակայն, որ ներկայիս այս հարցը սեղանի վրայ չէ դրուած:


