Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրամատուները Կը Մնան Փակ, Իսկ Դրամատուն Ներխուժողներէն Ոմանք Կը Մնան Արգելափակուած

September 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն դէմ գործուած զինեալ ներխուժումի դէպքերուն պատճառով տակաւին արգելափակուած կը մնան երիտասարդներ Ապտել Ռահման Զաքարիա եւ Մոհամետ Ռըսթոմ, որոնք ներխուժած էին Պէյրութի «Պլոմ» դրամատունը:

Զաքարիայի եւ Ռըսթոմի հարազատներն ու բարեկամները երէկ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց` պահանջելով անոնց ազատ արձակումը:

Անոնք նաեւ փորձեցին փակել Արդարութեան պալատ տանող ճամբաները, ինչպէս նաեւ փորձեցին ներխուժել Արդարութեան պալատ եւ կոտրել անոր երկաթեայ դարպասը:

Միւս կողմէ, դրամատուները երէկ փակ պահեցին իրենց դռները` գործադրելու համար Դրամատուներու միութեան կողմէ տրուած այն որոշումը, որ եռօրեայ` 19, 20 եւ 21 սեպտեմբերին, փակում պարտադրած էր դրամատուներուն:

Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժորժ Հաժ յայտնեց, որ  Դրամատուներու միութիւնը բոլոր դրամատուներէն պահանջած է փակել իրենց դռները, սակայն կան վարչական որոշ աշխատանքներ, որոնց համար պաշտօնէութիւնը ստիպուած է ներկայանալու դրամատուն` կատարելու համար զանոնք:

Ան նշեց, որ այդ աշխատանքները ընդհանրապէս կապուած են Կեդրոնական դրամատան հետ աշխատանքին:

Հաժ շեշտեց, որ դրամատնային մարզը կը գտնուի փլուզման սեմին` աւելցնելով, որ հինգշաբթի օր, երբ դրամատուները վերաբանան իրենց դռները, պէտք է իմանան, թէ իրենց աշխատանքը ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպեն:

«Անցեալ ուրբաթ օրուան շարժումներուն կրկնութեան պարագային, համադաշնակցութիւնը դրամատուներուն վարչութիւններէն պիտի խնդրէ փակել իրենց դռները եւ կասեցնել աշխատանքը: Խիստ մերժելի է, որ դրամատան պաշտօնեան վարկաբեկումի ենթարկուի», շեշտեց ան:

Լիբանանցիներ Կը Փակեն Ճամբաները`
Տագնապալի Իրավիճակին Դէմ Իբրեւ Բողոք

Նշենք, որ տիրող ներկայ կացութենէն դժգոհ լիբանանցիներ Քոռնիշ Մազրաայի, Քասքասի եւ Թարիք Ժտիտէի ճամբաները փակեցին հրկիզուող անիւներով եւ աղբամաններով` բողոքելու համար Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին, սղաճին եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ:

Նախորդը

Քենաանի. «Իրան Պատրաստ Է Օժանդակելու Լիբանանի Բոլոր Հարցերուն Լուծման»

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Մասնակցեցաւ Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.