Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցականի Առաջնահերթութիւնը Այսօր

September 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ հայ իրականութեան մէջ տարբեր ուժերու կողմէ յատուկ թիրախ դարձած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Ոմանք իբրեւ հակադրուող եւ ոմանք ալ` թշնամական: Այս վերջինիս տակ կը տեղաւորուին բոլոր այն տարրերը, որոնց նպատակն է հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնը հարուածել:

Միւս կողմէ` հայ ժողովուրդի ազգային շահերը դրուած են սակարկութեան սեղանին, եւ մեր թշնամիներուն համար պատեհ առիթ ստեղծուած է մահացու հարուած հասցնելու մեր պետականութեան ու անժամանցելի իրաւունքներուն:

Այս իրողութեան ի տես` աւելի կը շեշտուի դաշնակցական մարդու ազգային, գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական առանձնայատկութիւններուն կարեւորութիւնը: Դաշնակցական ըսելով` նկատի չունիմ միայն կուսակցութեան շարքերու անդամակցութեան փաստը, այլ ի մտի ունիմ Դաշնակցութեան գաղափարին ու առաքելութեան բոլոր հաւատացողները: Մանաւանդ, ընկերային ցանցերու առկայութեան պայմաններու տակ, իւրաքանչիւր դաշնակցական ինքն իր վարքին ու խօսքին մէջ պէտք է ցուցաբերէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վարկին, հեղինակութեան ու կշիռին հանդէպ գերագոյն նախանձախնդրութիւնը:

Պատասխանատու, հաւասարակշռուած, ճշմարիտ ու խոհեմ խօսքը դաշնակցականի կարեւոր յատկութիւններէն մէկն է, վկայ` մեր ողջ պատմութեան ընթացքին կուտակուած, բանաւոր կամ գրաւոր, հրապարակախօսական ու գրական հսկայ աւանդը:

Հայութեան ու Հայաստանի դիմագրաւած այս ծանրագոյն օրերուն իւրաքանչիւր դաշնակցական իր առաջնահերթութիւններուն մէջ կարեւորագոյն տեղը պիտի տայ ազգովին մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնց դիմաց կ՛ոչնչանան ամէն տեսակի անձ ու անձնական:

Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած նենգ ու բացայայտ պայքարը դաշնակցականի յաւելեալ զգօնութիւնը առաջնահերթութիւն կը դարձնէ, բայց զայն պէտք չէ շփոթել անգործութեան ու կրաւորականութեան հետ: Զգօնութիւնը մեզ ներսէն կոտորակելու ու պառակտելու դէմ կանգնիլն է, մեր թշնամիներուն հաշուարկներուն համապատասխան կեցուածքներով կանխարգիլումն է, յեղափոխական միտքի խմորումով այս դժնդակ կացութիւնը շրջելու լուծումներ գտնելն է: Իսկ յեղափոխական միտք ըսելով` պէտք չէ հասկնալ յեղափոխականութեան մասին շատ խօսիլ, ի վերջոյ յեղափոխականութեան մասին շատ խօսելով` յեղափոխական չես դառնար եւ մոռացութեան մատնած կ՛ըլլաս Ռոստոմի այն խօսքը, որ կ՛ըսէր` «Եթէ Դաշնակցութիւնը այդքան խօսի, նա գործ չի կատարի»:

 

 

Նախորդը

Արցախը Ազրպէյճանի Յանձնելու Ծրագիրը Աւելի Բացայայտ Դարձաւ

Յաջորդը

Նայեցէ՛ք Անոր Դէմքին

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.