Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտասովոր Տուներ

September 17, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այսօր քիչ մը ելլենք մեր ապրած միջավայրէն` այցելելու համար արտասովոր վայրեր: Մենք վարժուած ենք նոյն կառոյցը ունեցող շէնքերով ծածկուած մեր քաղաքներուն, սակայն գիտէի՞ր, որ մարդիկ սկսած են փնտռել լուծումներ` յարգելով բնական միջավայրը, նուազ մսխել բնութեան հարստութիւնները:

Ծանօթանանք չորս տարբեր հաւաքականութիւններու, որոնք կը փորձեն իրենց մասնակցութիւնը բերել մոլորակի պահպանման ճիգերուն:

– «Թայնի հաուս», փոքրիկ տունը

Անիկա շատ փոքրիկ տուն մըն է, նուազ քան` 40 քառակուսի մեթր մեծութեամբ: Անիկա նուազ տեղ կը գրաւէ, քան` սովորական տուն մը, եւ նուազ ուժանիւթ կը սպառէ: Յաճախ ան շարժուն է եւ` անիւներու վրայ զետեղուած: Հակառակ իր փոքրիկ տարածքին` անիկա շատ հանգստաւէտ է եւ արդի:

– «Քոնթէյնըր» տունը

Այս բնակութեան վայրը կազմուած է ծովային «քոնթէյնըրներէ»: Մետաղեայ այս հսկայական «սնտուկները» կը ծառայեն ապրանքները ծովու ճամբով փոխադրելու: Այս տունը շատ արագ կը շինուի եւ շատ տոկուն է:

– Ծփացող տունը

Անիկա զետեղուած է գետի մը, կամ լճակի մը վրայ: Նման շինութիւն մը լուծում մըն է, երբ ցամաքային տարածքի պակասը կը զգացուի, յատկապէս` այն շրջաններուն մէջ, ուր հողերը կամաց-կամաց կը նուաճուին ջուրերուն կողմէ, կլիմային ջերմանալուն պատճառով ծովերու ջուրերուն բարձրացող մակարդակին իբրեւ հետեւանք: Տունը հաստատուած է ծփացող մակերեսի մը վրայ:

– Դարձող տունը

Այս կլոր տունը արեւուն հետ կը դառնայ: Ան յաճախ շինուած է փայտէ եւ ունի գմբէթի ձեւ: Տան բնակիչները սենեակներուն դիրքը կ՛ընտրեն ըստ եղանակին կամ օրուան ժամուն: Այս ձեւով անոնք կ՛օգտուին լոյսէն եւ ջերմութենէն, կամ ընդհակառակը, շուքէն եւ զովութենէն:

Գիտէի՞ր, Թէ…

  • Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա նահանգին ազգային պտուղը ձմերուկն է:
  • Մարդիկ հետախուզած են ովկիանոսներուն նուազ քան 5 առ հարիւրը:
  • Երկրագունդին վրայ առաջին կենդանի էակները պաքթէրիաներն էին:
  • Երբեմն արեւուն մէջ ծակեր կը յառաջանան:
  • Կարգ մը գիտնականներ կը մտածեն, որ կիները աչքերնին շատ աւելի յաճախ կը թարթեն, քան` այր մարդիկ:
  • Սկզբնական շրջաններուն օձերը ոտքեր ունէին:
  • Պղատոն նախկին մոլորակին մեծութիւնը հազիւ Միացեալ Նահանգներու լայնքին կէսին չափ է:
  • Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող ջուրերուն միայն մէկ առ հարիւրը մարդը կրնայ գործածել:
  • Ոչ մէկը իսկապէս գիտէ, թէ ինչո՞ւ մարդիկ պէտք է քնանան:
  • Երկրագունդը դանդաղօրէն կը հեռանայ արեւէն:
  • Մեծ քանակով թթուածինը կրնայ մեզ անհանգստացնել:
  • Միանմար, Լայպիրիա եւ Միացեալ Նահանգներ միակ երկիրներն են, որոնք մեթրը չեն գործածեր չափելու համար:
  • Գիտնականներ գտած են շանաձուկեր, որոնք կ՛ապրին ընդծովեայ հրաբուխի մը մէջ:
  • Աշխարհի վրայ գտնուած ամէնէն հին թուղթի կտորները 4600 տարեկան են:
  • Եթէ ամէն օր խնձորի տարբեր տեսակ մը ուտես, դուն մօտաւորապէս 20 տարուան պիտի կարօտիս փորձելու համար գոյութիւն ունեցող խնձորի բոլոր տեսակները:
  • Ովկիանիոյ մէջ գտնուող Թոնկա երկիրը հրատարակած էր պանանի ձեւ ունեցող դրոշմաթուղթեր:
  • Քալիֆորնիոյ մէջ գտնուող Տիզնի լենտը աւելի մեծ է, քան` աշխարհի ամէնէն փոքրիկ երկիրը:
  • Օդանաւ մը կրնայ պարունակել մինչեւ 531 քմ թելեր:
  • Հարաւային բեւեռը աշխարհի ամէնէն արեւոտ շրջան է:
  • Համակարգիչի առաջին ծրագիրը գրուած էր 1842 թուականին:

Մտածենք

Նախասիրած Ժամանցներ

14 տարեկան չորս դասընկերներ ուրախ են, որ վերամուտը կը մօտենայ: Անոնք առիթը պիտի ունենան իրարու պատմելու իրենց արձակուրդներուն, ժամանցներուն մասին: Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գտնել, թէ ի՛նչ է անոնցմէ իւրաքանչիւրին նախասիրած ժամանցը, իւրաքանչիւրը որքա՞ն ժամանակէ այդ ժամանցով կը զբաղի եւ շաբաթը քանի՞ անգամ փորձ կ՛ընէ: Տախտակին մէջ X մը դիր, երբ կը մտածես, որ պատասխանը ճիշդ է, եւ Օ, երբ չի համապատասխաներ:

Եւ ապա իւրաքանչիւր անունի քով արձանագրէ անոր «ժամանցը», «քանի տարիէ ի վեր» եւ «քանի անգամ» տեղեկութիւնները:

  • Թալին- …, … , … :
  • Արա- … , … , … :
  • Վերա- … , … , … :
  • Րաֆֆի- … , … , … :
  • Լենա-  … , … , … :

***

– Րաֆֆին ուտել կը սիրէ: Հետեւաբար զարմանալի չէր, երբ ան սկսաւ սորվիլ` ինչպէ՛ս պատրաստել իր սիրած ճաշերը:  Ան տակաւին սկսնակ մակարդակի վրայ է եւ հաւանաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ ան 10 դասէն ետք շարունակէ:

– Գրելը օրական զբաղում մըն է, որ յարատեւութեան կը կարօտի. սակայն այն մանչը, որ կը սիրէ գրել, տարիներէ ի վեր այս ժամանցով կը զբաղի:

– Վերան պարել չի սիրեր: Անցեալ տարի ան մասնակցեցաւ իր առաջին հանդէսին, եւ բարեբախտաբար փորձերը իրմէ շատ ժամանակ չեն խլեր, եւ ան կրնայ յաճախ իր ընկերներուն հետ ժամանակ անցընել:

– Այն անձը, որ շաբաթը 3 անգամ փորձ կ՛ընէ, երբ նոյնիսկ ան 9 տարեկան էր:

– Իտալական խոհանոցի յատկացուած դասերը սկսան կէս տարի առաջ:

– Թալինին նախասիրած ժամանցի փորձերը կը շարունակուին 3 տարիէ ի վեր, եւ ան ստիպուած է երեքշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ փորձեր կատարել:

– Պարի դասերուն հետեւող անձը շատ քիչ առիթ ունի բարելաւելու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պալատ հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր սիւնակի
եւ իւրաքանչիւր շարքի թիւերուն գումարը հաւասար է 195-ի:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Սեպտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.