Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարած է, որ 14 սեպտեմբերէն Իրան-Հայաստան սահմանին վրայ տեղակայուած են Իրանի զինեալ ուժերու զրահապատ եւ հետեւակային ստորաբաժանումներ: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը:
«Իրան-Հայաստան սահմանին վրայ տեղակայուած ստորաբաժանումները բերուած են 100 առ հարիւր մարտական պատրաստականութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


