Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ազրպէյճանցի իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է, որ Թեհրան հայ-իրանեան սահմանը կը նկատէ պատմական հաղորդակցութեան ճանապարհ, որ պէտք է մնայ անփոփոխ: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ապտոլլահեան եւ Պայրամով միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ:
Լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու նոր փուլի մեկնարկին նկատմամբ` Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը` օգնելու խնդիրի խաղաղ եւ քաղաքական ճամբով լուծման:
Ապտոլլահեան նշած է, որ Իրան մշտապէս կ՛ընդգծէ երկիրներու, որոնց շարքին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը:
«Իրան հայ-իրանեան սահմանը կը նկատէ հաղորդակցութեան պատմական ուղի, որ պէտք է անփոփոխ մնայ», ըսած է ան:
Ընդգծելով, որ շրջանը չի կրնար հանդուրժել նոր պատերազմ, ան նշած է, որ Իրան կողմերէն խնդրած է զսպուածութիւն դրսեւորել:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը` «Լուրեր»-ուն Ապտոլլահեանի յայտարարութեան վերաբերեալ տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտնեց, որ Իրան յստակօրէն եւ տարբեր մակարդակներու վրայ արտայայտած է կովկասեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու եւ երկու դրացի երկիրներու` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ ունեցած յարաբերութիւններուն վերաբերեալ իր դիրքորոշումը:
«Ինչպէս որ յեղափոխութեան գերագոյն ղեկավարին եւ Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպումները լուսաբանող լուրերուն մէջ ականատես եղանք, Իրանը դէմ է դրացի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու խախտման եւ յատուկ դիմադրութիւն պիտի ցուցաբերէ որեւէ բեմագրութեան, որ կը վնասէ երկու դրացի ժողովուրդները կապող պատմական ուղի հանդիսացող Իրան-Հայաստան սահմանին:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ վարչապետին, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մեր այս սկզբունքային դիրքորոշումը կրկնուած է:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտոլլահեան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ծագած բախումներու նոր փուլին նկատմամբ եւ խնդիրներու խաղաղ ճամբով լուծման աջակցելու ուղղութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնելու հետ մէկտեղ յստակօրէն ընդգծած է, որ Իրանի համար կարեւոր է երկու դրացի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը եւ այն, որ Իրան-Հայաստան սահմանը պատմական հաղորդակցութեան ուղի է եւ պէտք է մնայ առանց փոփոխութեան»:


