Խորհրդարանը երէկ սկսաւ գումարել 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը:
Լիագումար նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքերիի յիշատակը:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին սկսած նիստին ընթացքին խօսքեր առին 16 երեսփոխաններ, որոնք քննադատեցին պատրաստուած պետական ամավարկը: Նիստը տեւեց մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, երբ Պըրրի յայտարարեց առաւօտեան նիստի աւարտը` աւելցնելով, որ երեկոյեան նիստը պիտի գումարուի ժամը 5:00-ին:
Մինչ երեկոյեան նիստը կը գումարուէր, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը կը սերտէ Լիբանանին օժանդակելու կարելիութիւնները, «սակայն բարեկարգումներու գործադրութիւնը անհրաժեշտ է` վերջ տալու համար տագնապին», նշուեցաւ նոյն հաղորդումին մէջ:
Լիագումար նիստը սկսաւ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի կողմէ 2022-ի պետական ամավարկին մասին ներկայացուցած տեղեկագիրով: «Պետական ամավարկը վատ ու վատ ամավարկ է, սակայն անիկա վատագոյնէն աւելի լաւ է», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով, որ տոլարի փոխարժէքին մասին ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուցած բեմագրութիւնները պէտք եղած ներածումները պիտի չկարենան ապահովել, ինչ որ խոցելի կը դարձնէ պետական ամավարկի հաւասարակշռութիւնը:
Ապա խօսք առաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, որ յայտնեց, թէ երկրին վիճակը դժուար է ու ծանր: Ան նկատել տուաւ, որ տնտեսական տագնապը լուծելու իմաստով Լիբանանի արձանագրած յապաղումը արտակարգ է, իսկ պետական ամավարկը հիմնուած է պարտքեր վերցնելու վրայ:
Պու Սաապ յայտնեց, որ խորհրդարանը պէտք է հաշուեքննութեան սկսի:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Պետական ամավարկը` ըստ համապատասխան յանձնախումբի արժեւորումին, վատ է, եւ մեզի կը ներկայացուի իբրեւ վատագոյն այլընտրանք: Հետեւաբար ո՛չ կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ ելեւմուտքի նախարարը պէտք է հպարտ զգան այդ ամավարկին գործադրութեամբ», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ պետական ամավարկին նպատակն է ժողովուրդէն կարելի եղածին չափ շատ հարկեր հաւաքել:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց կեցուածք մը որդեգրելու` դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն իրաւունքները վերադարձնելու իմաստով: Ան խստիւ քննադատեց այն իրականութիւնը, որ պետական ամավարկին մէջ պետական մարզի պաշտօնեաներուն յաւելումներ չեն տրամադրուած:
Ֆայեատ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանին տրամադրել այն պիւտճէն, որուն կարիքը ունի` շարունակելու համար կրթական իր առաքելութիւնը:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումը անհրաժեշտ քայլ մըն է, սակայն ան պէտք է աստիճանաբար հաւասարակշռէ նիւթական մուտքերն ու ելքերը:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ պատրաստուած ամավարկը ձեւական է եւ անտեղի չափանիշներով օժտուած: «Մենք կը մերժենք համաձայն գտնուիլ նման ամավարկերու, իսկ կառավարութիւնը ամէն ինչով կը զբաղի, բացի բարեկարգումի ամբողջական ծրագիրի մշակումէն», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Սաժիհ Աթիէ հաստատեց, որ ներկայացուած պետական ամավարկին պէտք է կցել այլ ամավարկ մը, որ կը կոչուի մուրացիկներու ամավարկ:
Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի ընդգծեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը հիմնուած է ենթադրութիւններու վրայ: «Երկրին նկատմամբ վստահութիւնը չքացած է, իսկ բոլոր տագնապներուն պարագային անորոշութիւնը տիրական է», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Ուսամա Սաատ մերժեց վաւերացնել պետական ամավարկը` հաստատելով, որ անիկա անտեղի եւ անբաղձալի ամավարկ մըն է:
Երեսփոխան Իմատ Հութ հաստատեց, որ պէտք չէ անձնատուր ըլլալ այս տագնապին, որուն լուծումը անկարելի չէ: «Երկրին դիմագրաւած տնտեսական այս տագնապը կարիքը ունի բարեկարգչական ամավարկի մը, որ ծրագիրներու վրայ հիմնուած է», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհ անկարելի գտաւ, որ Լիբանանի մէջ շարունակուի խախուտ եւ ոչ արդիւնաբեր ամավարկերու մշակումը:
Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է վաւերացնել պետական ամավարկ մը, երբ լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքը անյստակ է: Ան շեշտեց, որ պետական ամավարկին մէջ նշուած թիւերը անկարելի է իրականութեան վերածել:
Երեսփոխան Ապտել Քերիմ Քապպարա յայտնեց, որ լիբանանցիներուն հաշիւները կորսուած են: Ան կոչ ուղղեց բոլոր նախարարներուն այցելելու Թրիփոլի եւ ծանօթանալու ժողովուրդի կարիքներուն:
Երեսփոխան Եասին Եասին հաստատեց, որ ինք կը մերժէ 2022-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ տագնապին լուծումը կը սկսի դրամատան մէջ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքները վերադարձնելով: Ան կոչ ուղղեց նաեւ հիմնելու ծրագրաւորումի նախարարութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին սկսած նիստին ընթացքին երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ ինք չէ կրցած պետական ամավարկը կապել Լիբանանի ապրած տնտեսական մեծագոյն քայքայումին եւ լիբանանցիներուն ապրած եռամեայ կեանքին հետ: «Կը մաղթէի, որ ամավարկը մէկ քայլ աւելի մօտ ըլլար ելեւմտական ապաքինման ճամբուն», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Ահմետ Խէյր խստիւ քննադատեց ամավարկը` ընդգծելով, որ անկարելի է ամավարկը քննարկել, երբ լիբանանեան դրամանիշը այսքան արժեզրկուած է, իսկ Կեդրոնական դրամատունը անկարող է հարցերը լուծել:
Երեսփոխան Էլիաս Ժրատէ յայտնեց, որ խորհրդարանը այս օրերուն պէտք էր 2023-ի պետական ամավարկը քննարկէր եւ ոչ թէ 2022-ի ամավարկը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանը կարելի պիտի չըլլայ փրկել այս տագնապէն, այնքան ատեն որ կայ ոճիր մը, որուն անունն է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներու իրաւունքներուն իւրացումը:
Ժրատէ կոչ ուղղեց հաշիւ ունեցողներուն միջեւ խտրութիւն չդնելու: «Լիբանանի տնտեսութիւնը կարելի պիտի չըլլայ վերականգնել, եթէ հաշիւ ունեցողները իրենց իրաւունքները չստանան», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Մոհամետ Եհիա իր խօսքին մէջ ընդգծեց Աքքարը բարգաւաճեցնելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց նաեւ, որ պէտք է աւելցնել հանգստեան կոչուած զինուորականներուն աշխատավարձը:
Երեսփոխան Ղատա Այուպ հաստատեց, որ ներկայ պետական ամավարկը ո՛չ բարեկարգումի եւ ո՛չ ալ սխալները սրբագրելու ամավարկ է, այլ` միայն Միջազգային դրամական ֆոնտը գոհացնելու ամավարկ:
Երեսփոխան Նեպիլ Պատըր յայտնեց, որ ոչ ուսումնասիրուած կերպով տուրքերու յաւելումը պիտի բարդացնէ հարցը եւ պետութեան նկատմամբ քաղաքացիին վստահութիւնը պիտի վերացնէ:
Երեսփոխան Ռաժի Սաատ հաստատեց, որ պետական ամավարկի թիւերը անճիշդ են եւ տեսլական, ծրագիր կամ բարեկարգում չեն բովանդակեր: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր ներկայացուցած այս ամավարկով ժողովուրդը կը խաբէ:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ աւելորդ է այս ամավարկի քննարկումը, որովհետեւ նուիրատու երկիրները մեզ լուրջի չեն առներ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ պետական ամավարկի այս տարբերակով ժողովուրդին կ՛ըսենք, թէ մենք անոնց գումարները կ՛առնենք` ֆինանսաւորելու համար գոյութիւն չունեցող պետութիւն մը:
Ան ընդգծեց, որ երկիր չկայ, որ պետական ամավարկ քննարկուի:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց Պըրրիին խորհրդարանը վաղն իսկ հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան նիստի:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ ժամանակը հասած է տալու արտակարգ որոշումներ` աւելցնելով, որ երկրին հարուստները պատասխանատու են արձանագրուած քանդումին, որովհետեւ անոնք մնայուն կերպով փախուստ տուած են իրենց տուրքերու վճարումներէն:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ պետական ամավարկը կը բովանդակէ ռազմավարական յստակ նպատակ մը, որ քաղաքացիին կը վերագրէ քաղաքական պատասխանատուներուն գործած սխալներու պատասխանատուութիւնը: Ան նշեց, որ պետական ամավարկը կը խուսափի բարեկարգումներու գործադրութենէն:
Երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ իրենք պիտի խնայեն Պըրրին` պետական ամավարկը քուէարկութեան դնելէ, որովհետեւ նման ամավարկ կարելի չէ վաւերացնել:
Երեսփոխան Հասան Մըրատ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին մէջ նշեց, որ ինք խորհրդարանին մէջ արտասանելու խօսք պահանջած էր, սակայն լիբանանցիներէն ամչնալուն պատճառով կը բաւարարուի այս գրառումով` հաստատելու համար, թէ պարտքի եւ տուրքերու հիման վրայ պատրաստուած ամավարկ մը, որ ժողովուրդին եւ ուսուցիչներուն իրաւունքները չի պաշտպաներ, իր վաւերացումին չի կրնար արժանանալ:
Երեկոյեան նիստը աւարտեցաւ ժամը 9:00-ին: Խորհրդարանը իր լիագումար նիստը կը շարունակէ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին:


