Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ ՄԱԿ-ի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումին եւ յայտնեց, որ ի վերջոյ Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ պիտի ըլլան նաւթահորերը հորատող սարքեր:
Կանց նշեց, որ լիբանանցիներուն շահերուն կը ծառայէ նման սարք մը ունենալ` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապը:
Կանց կոչ ուղղեց Ապահովութեան խորհուրդին դատապարտելու Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործող որեւէ խախտում:
Կանց հաստատեց, որ պէտք է բանակցութիւնները շարունակել եւ շրջանին կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովել` կանխարգիլելու համար ապահովական մագլցումները, որոնք ամէն ինչէ առաջ վնաս պիտի հասցնեն լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան:
Իսրայէլի ուժանիւթի նախկին նախարար Եուվալ Շթայնց, անդրադառնալով Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծման բանակցութիւններուն եւ այդ շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի սպառնալիքներուն, յայտնեց, որ այդ սպառնալիքները շինծու են` աւելցնելով, որ Քարիշի նաւթահորը վիճելի շրջանին մէջ չի գտնուիր:
Շթայնց հաստատեց, որ Լիբանանի հետ Իսրայէլի գոյացնելիք համաձայնութիւնը շատ լաւ քայլ մըն է:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսրայէլ Քարիշի նաւթահորէն բնական կազի հորատման պիտի սկսի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին: Նոյն աղբիւրները հաստատած են, որ Լիբանանի կայունութիւնը Իսրայէլի համար վատ բան չէ, «սակայն եթէ Հըզպալլա փափաքի փորձել Իսրայէլի համբերութիւնը, ապա ան շատ սուղ պիտի վճարէ այդ արարքին գինը», ընդգծեցին նոյն աղբիւրները:
Նշենք, որ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան պետ հազարապետ-զօրավար Ահարոն Հալիֆա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա կազմակերպութիւն մըն է, որ առեւանգած է Լիբանանի պետութիւնը:
Հալիֆա յայտնեց, որ իրենք սերտած են հիւսիսային սահմաններուն վրայ արձանագրուելիք ապահովական մագլցումներուն կարելիութիւնը` ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցութիւնները ձախողելու պարագային: «Ես կ՛ուզեմ յիշեցնել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան` իսրայէլեան զինուորական ուժին մասին, եւ վստահ եմ, որ ան չի փափաքիր փորձել զայն: Նասրալլա ամէնէն աւելի գիտէ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան կարողութիւններուն եւ իսրայէլեան հրթիռներուն ուժին մասին», շեշտեց ան:


