Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խովայեւ Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

September 10, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը:

Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կողմերը քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմանի օրակարգի հարցեր, շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի տարբեր երեւոյթները եւ այդ ծիրին մէջ ձեռնարկուած քայլերը, վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են այս հոլովոյթի հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ երէկ Պաքուի մէջ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքի զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած եւ ռուսական ու իրանեան կողմերուն մասնակցութեամբ ձեռնարկի ընթացքին յայտարարած է, որ ազրպէյճանական կողմը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումով:

«Շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ խաղաղութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի, եւ ատոր կարելի է հասնիլ նախ եւ առաջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով` իւրաքանչիւրի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման, յարգման միջոցով եւ միջազգային ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան հիման վրայ», ըսած է Մուսթաֆայեւ:

Ազրպէյճանի փոխվարչապետը նաեւ անդրադարձած է «3+3» ձեւաչափին: Ան նշած է, որ այդ ձեւաչափը պիտի ծառայէ նոր ստեղծուած իրողութեան, պիտի նպաստէ շրջանի անվտանգութեան:

Մուսթաֆայեւ կը գլխաւորէ Հայաստանի հետ սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան Ազրպէյճանի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման հարցով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի եռակողմ աշխատանքային խմբակի համանախագահն է` իր հայ եւ ռուս պաշտօնակիցներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ:

 

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան, Էրտողան Եւ Ալիեւ Սամարքանտի Մէջ Պիտի Մասնակցին Շենկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Եւ Պրիւքսել Կ՛ողջունեն Հայ Գերիներու Հայրենիք Վերադարձը

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.