Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրեմլինը Տակաւին Փութինի Հայաստան Այցելութեան Թուականը Պաշտօնապէս Չէ Յայտարարած» Կ՛ըսէ Ուշաքով

September 9, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլինը տակաւին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութեան թուականը պաշտօնապէս չէ յայտարարած: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով` մեկնաբանելով այն տեղեկութիւնները, թէ Փութին կը ծրագրէ այս տարի Հայաստան այցելել:

«Ես այդ առնչութեամբ որեւէ հաստատում չունիմ: Մեր կողմը պաշտօնապէս այդ մասին չէ խօսած», ըսած է Ուշաքով եւ միեւնոյն ժամանակ շեշտած, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները աշխուժօրէն կը զարգանան:

«Հայաստանի վարչապետին հետ շատ եռանդուն հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, մեր նախագահը անձամբ այս տարուան ընթացքին քանի մը անգամ հանդիպած է անոր հետ, կատարած մնայուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ: Իմ կարծիքովս, եթէ միւս ղեկավարներուն հետ համեմատելու ըլլանք, Փութին ընթացիկ եւ անցեալ տարուան մէջ ամէնէն շատը Փաշինեանի հետ հեռաձայնով զրուցած է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:

Նոյեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած է ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու` ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ Փութին ընդունած է Փաշինեանի հրաւէրը` այս տարուան երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ մասնակցելու ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:

Ռուսիոյ նախագահի յառաջիկայ պետական այցելութեան եւ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման ընթացքին մասին խօսած են նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները` վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին:

Նախորդը

«ՕԺԵՐՕ»-ի Պաշտօնէութեան Պահանջներուն Վերջնական Պատասխանը Կը Տրուի Այսօր

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցերով Լաւրովի Յատուկ Ներկայացուցիչը Այցելած Է Պաքու

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.