ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 307 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.300 լ. ոսկի է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Համիէի Թարայայի բնակարանի պարտէզին մէջ պայթած է ռումբ մը, որ ելեկտրական թելերով կապուած էր ծառի մը: Գրասենեակին համաձայն, ապահովական կառոյցները հետաքննութիւն բացած են պայթումին շուրջ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստերու` քննարկելու եւ վաւերացնելու 2022-ի պետական ամավարկը: Լիագումար նիստերը պիտի կայանան չորեքշաբթի, 14 եւ հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2022-ին` ցերեկային եւ գիշերային նիստերով: Ցերեկային նիստերը կը սկսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Իսկ ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին լիագումար նիստը կը գումարուի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Զահլէ կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան հեռու պիտի մնայ ճարտարարուեստէն եւ արդիւնաբերութենէն, եթէ ուժանիւթի վիճակը շարունակէ մնալ ինչպէս որ է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու նպատակով մշակուած ապաքինումի ծրագիրն ու անոր կապուած օրէնքները: Պու Սաապ բրիտանացի դեսպանին հետ քննարկեց նաեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պենզինին տրամադրուած պետական նպաստը ամբողջութեամբ դադրի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի դասակ մը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ներխուժած է Պեքաայի Հորթաալա շրջանին մէջ գտնուող բնակարան մը` հոն փնտռելով դատական իշխանութիւններուն կողմէ փնտռուած յանցագործներ եւ արգիլուած իրեր ու սարքեր:


