Մոսկուայի, Քիեւի եւ Անգարայի միջեւ կնքուած համաձայնագիրով Ուքրանիոյ տարածքէն արտածուող ամբողջ հացահատիկը ի վերջոյ ուղարկուած է Եւրոպա եւ ոչ թէ զարգացող երկիրներ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին Վլատիվոսթոքի մէջ Արեւելեան տնտեսական համախմբումի լիագումար նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
«Մենք Թուրքիոյ հետ կատարեցինք ամէն բան, որպէսզի ուքրանական հացահատիկը արտածուի: Եթէ Թուրքիան` իբրեւ միջնորդ երկիր բացառենք, ապա գործնականին մէջ Ուքրանիայէն արտածուող ամբողջ հացահատիկը կ՛ուղարկուի ոչ թէ զարգացող ամէնէն աղքատ երկիրներ, այլ` Եւրոպական Միութեան երկիրներ», ըսած է ան` նշելով, որ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի ծիրին մէջ 87 նաւերէն միայն երկուքը ուղարկուած են:
«Եւ ատով 2 միլիոն թոնէն 60 հազար թոն պարենամթերք արտածուած է: Կ՛ուզեմ ըսել, որ, ինչպէս եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ վերջին տասնամեակներու եւ դարերու ընթացքին իբրեւ գաղութատէր հանդէս եկած են, նոյնպէս ալ կը շարունակեն այսօր գործել: Անգամ մը եւս անոնք պարզապէս խաբեցին զարգացող երկիրները եւ կը շարունակեն խաբել», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին նաեւ կարծիք յայտնած է, որ այդպիսի մօտեցումով աշխարհի վրայ պարենային խնդիրներու ծաւալները միայն պիտի մեծնան եւ աննախադէպ մարդասիրական աղէտի պիտի յանգեցնեն:
Փութին նաեւ յայտնած է, որ մտադիր է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկել Ուքրանիայէն Եւրոպա հացահատիկի եւ պարէնի արտածումը սահմանափակելու կարելիութիւնը: «Այս հարցին շուրջ, անշուշտ պիտի խորհրդակցիմ Թուրքիոյ նախագահ պարոն Էրտողանի հետ», ըսած է ան:


