Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր այս շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան:
Այս մասին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել` ընդգծելով, որ ասիկա Ռիքըրի նոր պաշտօնին վրայ շրջան առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ ասիկա շրջան կատարուելիք պարբերական այցելութիւններէն առաջինը պիտի ըլլայ: Ան այս երեկոյ կը մեկնի ու պիտի ըլլայ Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան: Այդ երկիրներուն մէջ հանդիպում պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար շրջանին առանցքային խնդիրները, ինչպէս նաեւ վիճելի հարցերու կառուցողական լուծման եւ շրջանային համագործակցութեան համար աջակցութեան ու անմիջական մասնակցութեան կարելիութիւնները», ըսած է Փաթել:


