Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Քրէյտիէն Եւ Նախագահեց Տարբեր Ժողովներու

September 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Օժերօ»-ի  ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէն, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը շատ դրական եղած է եւ գրասենեակ հասնելէ ետք անմիջապէս պիտի հանդիպի «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքային հետ:

Շատ լաւ տրամադրութեամբ իր գրասենեակը ուղղուած Քրէյտիէ հանդիպում մը ունեցաւ սենտիքային հետ, սակայն աւելի ուշ սենտիքան գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին յայտարարուեցաւ, թէ վերջնական որոշումներու չեն կրցած յանգիլ:

Հետեւաբար «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքան այսօր պիտի գումարէ այլ ժողով մը` շարունակել քննարկելու համար գործադիր խորհուրդին որոշումները:

Միքաթի նախագահեց նախարարական շարք մը ժողովներու, որոնց ընթացքին քննարկեց երկրին տարբեր մարզերը յուզող հարցեր եւ անոնց տրամադրուելիք հաւանական լուծումներ:

Վարչապետին հետ հանդիպելէ ետք առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախարարութիւնը լիբանանցի քաղաքացիներուն տրամադրած իր բժշկական օժանդակութիւնը վեց անգամով պիտի բազմապատկէ, որպէսզի անոնց բեռը թեթեւցնէ:

Վարչապետին հետ հանդիպումներ ունեցան նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, որոնք համաձայնեցան Լիբանանի արտադրած խնձորի բերքէն 200 հազար սնտուկ յատկացնել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Ա. տեղակալ Մոհամետ Մուխպեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Մուխպեր ընդգծեց, որ Իրան կը զօրակցի բոլոր այն ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպատակադրեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանել:

Մուխպեր զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին` շեշտելով, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն օժանդակելու իմաստով ճիգ պիտի չխնայէ:

Այս առիթով Պըրրի եւ Միքաթի ընդգծեցին երկկողմանի մտերմիկ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ Պէյրութ-Թեհրան փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու ու բարելաւելու կարեւորութիւնը: Միքաթի եւ Պըրրի Մուխպերը հրաւիրեցին Լիբանան այցելելու` շարունակելու համար երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներուն քննարկումը:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երեկոյեան յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի իրեն պարտականութիւն տուած է Թեհրան այցելութեան նպատակով թեքնիք պատուիրակութիւն մը կազմել, որպէսզի քննարկեն Իրանի կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք նաւթի նուիրատուութեան հարցը:

 

Նախորդը

Մորիս Սլիմ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Իրաւունքներն Ու Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու Իր Իրաւունքին»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Քննարկումը Շարունակելու Ժողովի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.