Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտած «Տուպայ-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 7-14-րդ դիրքերը:
Լրացուցիչ ցուցանիշով ան գրաւեց 12-րդ դիրքը:
Արամ Յակոբեան 6 կէտով գրաւեց 24-րդ դիրքը, մինչ Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ, իսկ այժմ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Վլատիմիր Յակոբեան 5,5 կէտով հանդիսացաւ 30-րդ:
Տիտղոսին տիրացաւ հնդիկ Չիթամպարամ Արաւինտ, որ 7,5 կէտ ապահովելով առանձինն գրաւեց առաջին դիրքը:


