Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

September 6, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Լաթեքսի Պատրաստում
– Ի՞նչ Կայ Մեր Խմած Ջուրին Մէջ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Լաթեքսի Պատրաստում

Ինչէ՞ պատրաստուած է լաթեքսը:

Ամենապարզ պատասխանը` լաթեքսը ձգախէժ է: Սովորաբար անոր յիսունհինգ տոկոսը ջուր է եւ մօտ քառասուն տոկոսը` ձգախէժէ պատրաստուած նիւթ մը:

Լաթեքսը փափուկ, ճերմակ նիւթ մըն է, որ կը գտնուի հասուն ձգախէժի ծառի կեղեւին տակ: Թերեւս զարմանաք, եթէ ձեզի ըսուի, որ լաթեքսը բնական նիւթ մըն է, հաշուի առած անոր վերջնական կարծրութիւնն ու զգացողութիւնը, զորս կը տեսնենք անիւներու, ձգախէժէ ձեռնոցներու եւ թենիսի կօշիկներու մէջ:

Ճշմարտութիւնն այն է, որ լաթեքսը, ըստ էութեան, կու գայ բնութենէն: Նախքան զայն մշակելը, ձգախէժ կաթեցնողները (rubber tappers) լաթեքս կը հաւաքեն ծառերէն` օգտագործելով մեթոտ մը, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ:

Ուրկէ՞ կու գայ լաթեքսը:

Բնական ձգախէժէ լաթեքսին մեծ մասը կու գայ ձգախէժի ծառի մէկ տեսակէն: Տարբեր ծառերու լաթեքսի բաղադրութիւնը կը տարբերի, բայց ամենատարածուածը Հարաւային Ամերիկայինն է: Ծառը կը ծաղկի նաեւ հարաւարեւելեան Ասիոյ տնկարաններուն մէջ:

Լաթեքսը կը գոյանայ այս ձգախէժի ծառերու կեղեւին տակ: Երբ զայն կաթեցնողները կը հանեն կեղեւը, անոնք կը խծբծեն բոյսերուն խողովակները` դուրս բերելու համար լաթեքսը` կաթնային սպիտակ այդ նիւթը: Այնտեղէն անոնք կրնան հաւաքել լաթեքսը եւ ուղարկել զայն` մշակման համար:

Ինչպէ՞ս կը հաւաքուի լաթեքսը:

Լաթեքսի բերքահաւաքի գործընթացը կը սկսի, երբ ձգախէժի ծառը հասուննայ, այսինքն երբ ան մօտ հինգ տարեկան է: Այս շրջանին ծառը կ՛արտադրէ ձգախէժ:

Ձգախէժ արտահանելու համար համապատասխան անձեր կը հանեն ծառի կեղեւէն բարակ շերտեր: Այդպիսով կը խաթարուին լաթեքս պարունակող բոյսերուն խողովակները: Այս ծորաններու խաթարումը թոյլ կու տայ լաթեքսին` հոսելու ակօսներու միջոցով: Լաթեքսը այսպիսով կը հաւաքուի մեծ գաւաթներու մէջ:

Ինչպէ՞ս լաթեքսի հեղուկը կը վերամշակուի եւ կը դառնայ ձգախէժ:

Ձգախէժի մշակման գործընթացը կը սկսի բերքահաւաքի պահէն, երբ անոնք կը քամեն ձգախէժի ծառերէն լաթեքսային հիւթ:

Այնուհետեւ ընկերութիւնները կը զտեն լաթեքսը, որպէսզի զայն աւելի ուշ հաւաքեն մեծ տակառներու մէջ` յաջորդ հանգրուանին պատրաստելու համար:

Երբ լաթեքսը պատրաստ է վերածուելու ձգախէժէ «ապխտած» կտորներու, ընկերութիւնները թթու կ՛աւելցնեն լաթեքսին: Այս մէկը հեղուկը կը վերածէ խուրձերու (clumps): Այնուհետեւ խուրձերը թիթեղներու մէջ դնելով` կ՛աղան ջրաղացով: Այդպիսով ջուրը կը հանեն անկէ, եւ ելած թերթերը կարելի կ՛ըլլայ չորցնել եւ «ապխտել»:

Վերջապէս, լաթեքսը կը դառնայ նախածծմբարկուած (1): Նախածծմբարկումը կը ներառէ քիմիական գործողութիւններ եւ մեղմ տաքացում` ցած ջերմաստիճաններու վրայ: Երբ լաթեքսը նախածծմբարկուած է, զայն տեղափոխելը աւելի յարմար կը դառնայ: Աւելի շատ տաքցնելով` նիւթը արդէն կրնայ վերածուիլ սովորական ձգախէժի:

Արհեստական լաթեքս

Վստահաբար ոչ բոլոր լաթեքսները բնական են: Որոշ լաթեքսներ արհեստական են եւ բաղկացած` քարիւղէն ստացուած քիմիական նիւթերէ: Այս քիմիական նիւթերը կ՛օգտագործուին մշակելու համար արհեստական ձգախէժի փոլիմերներ, որոնք կը հաւաքուին եւ կը չորցուին, այնուհետեւ կը տեղափոխուին արտադրական գործարան:

Արտադրական գործարանի մէջ արհեստական ձգախէժի փոլիմերները կը խառնուին: Երբեմն անոնց կ՛աւելցուին լրացուցիչ բաղադրիչներ` ըստ արհեստական ձգախէժի վերջնական արտադրանքին:

Գործարանը կը գլորէ ձգախէժը` անոնցմէ կազմելով թերթեր, զորս կը կտրէ հետագայ մշակման համար: Արհեստական մշակման ամենատարածուած մեթոտներն են.

  • Արտամղումը (extrusion)
  • Ներարկումով ձուլումը (injection molding)
  • Ճնշումով ձուլումը (compression modling)

Արտամղման ժամանակ ձգախէժի փոլիմերային միացութիւնը կը դրուի արտամղիչին մէջ, որ կը տաքցնէ նիւթը եւ կը սեղմէ զայն: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ արտամղիչի տակառին եւ պտուտակին միջոցով: Այնուհետեւ փոլիմերային միացութիւնը փոքր բացուածքի միջոցով անցնելով` կը ծծմբարկուի կամ կը մշակուի:

Արտամղիչ

Ներարկումով ձուլումը կը ներառէ ձգախէժի շերտերու խառնում: Բարձր ճնշում գործադրելով` շերտերը ստիպողաբար կը մտնեն կաղապարի մէջ, ուր տաքութիւնը կը ծծմբարկէ ձգախէժը:

Ճնշումով ձուլումը կը սկսի ձգախէժի միացութեան նախնական վիճակէն: Այդ տձեւ վիճակը կը ձեւաւորուի կաղապարի մէջ` սեղմումով, ճնշումով եւ ծծմբարկումով:

Լաթեքսային նիւթի յատկութիւնները

Վերամշակումէն ետք լաթեքսը սքանչելի ձգախէժէ նիւթ մը կը դառնայ:

Լաթեքսը նշանաւոր է իր առաձգական յատկութիւններով, ինչպէս նաեւ` պատռուելու դիմադրութեամբ: Ամենատարածուած յղկիչ նիւթերը չեն վնասեր լաթեքսը:

Ցած ջերմաստիճանը սպառնալիք մը չէ, բայց բարձր ջերմաստիճանը կրնայ խնդիր յառաջացնել: 82 աստիճանէն բարձր` լաթեքսի մաշում կրնայ սկսիլ:  Կարելի է աւելցնել յաւելեալ քիմիական նիւթեր` լաթեքսը ջերմութենէն, արեւի լոյսէն եւ թթուածինէն պաշտպանելու համար:

Նախընտրելի է նաեւ լաթեքս չօգտագործել քարիւղի արտադրանքներու եւ լուծիչներու հետ միասին: Անոնք կրնան վտանգել զայն:

Լաթեքսի գործածութիւններ

Լաթեքսը ունի կիրարկութիւններու լայն տեսականի` սկսած առօրեայ իրերէն մինչեւ աւելի մասնագիտացուած կիրարկութիւններ:

Բնական ձգախէժէ լաթեքսը առաւել յաճախ կ՛օգտագործուի պատրաստելու համար ձեռնոցներ, լողի գլխարկներ, ծամոնները, ներքնակներ (mattress), հոսափողեր (catether), ապարանջաներ, փուչիկներ եւ շատ մը առարկաներ:

Արհեստական լաթեքսները տարածուած են ծածկոյթներու (coating) արտադրանքներուն մէջ: Զայն կը գտնէք նաեւ սոսինձներու մէջ` շնորհիւ լաթեքսի փոլիմերային մասնիկներուն ջուրի գոլորշիացման ժամանակ կարծրանալու ունակութեան: Արհեստական լաթեքս կարելի է աւելցնել նաեւ կրաղիւսին:

(1) Ծծմբարկումը ձգախէժերու կարծրացման գործընթացներու շարք մըն է:

Ի՞նչ Կայ Մեր Խմած
Ջուրին Մէջ

1. H2O

Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր ջուրին մէջ, անոր հիմնական բաղադրիչը H2O-ն է: Միացութիւն մը, որ կը կազմէ ձեր մարմնի ծանրութեան մինչեւ 75%-ը, այս մէկը կախում ունի ձեր տարիքէն: Այս միացութիւնը կը վերածէ մեր սպառած սնուցիչները աւելի պզտիկ ու պարզ բաղադրիչներու, զորս ձեր մարմինը կրնայ օգտագործել եւ զանոնք տեղափոխել այնտեղ, ուր անոնք անհրաժեշտ կրնան ըլլալ: Ան նաեւ կ՛օգնէ պահպանելու ջուրի եւ աղի հաւասարակշռութիւնը մարմնին մէջ եւ նոյնիսկ կը գործէ որպէս պատուար` ցնցումներու եւ հարուածներու, պաշտպանելով ձեր հիւսուածքներն (tissues) ու ոսկորները:

2. Այնտեղ ձեր գիտցած «ջուր»-էն աւելին կայ

Թերեւս այս մասին շատ չմտածէք, երբ ցնցուղը բանաք տաք լոգանք մը առնելու համար կամ ծորակը` ձեր ծարաւը յագեցնելու համար, բայց աշխարհի մէջ աւելի քան 2 միլիառ մարդ կը խմէ այնպիսի ջուր, որ կը պարունակէ թունաւոր քիմիական բաղադրիչներ, կոյուղային ջուրեր, կապար, սնդիկ, վտանգաւոր թափօններ եւ այլն:

3. Հորի ջուրը

Եթէ ձեր ջուրը կը ստանաք ջրհորէ, պէտք է ստուգէք առկայութիւնը վտանգաւոր նիւթերու, ինչպիսիք են` թունաւոր քիմիական միացութիւնները, մանրէները եւ ծանր մետաղները, նախքան զայն օգտագործելը: Այնուհետեւ ամէն տարի ստուգեցէք պարարտանիւթերու եւ որոշ տեսակի պաքթերիաներու առկայութիւնը: Աւելի յաճախ ստուգեցէք, եթէ երեխաներ կամ յղի կին կայ ձեր տան մէջ: Որոշ առողջական խնդիրներ, ինչպիսիք են` գլխացաւը, փորհարութիւնը եւ յոգնածութիւնը, կրնան նշաններ ըլլալ ջուրի ոչ ըմպելի ըլլալուն:

4. Ծորին (ֆլորիտ)

Միացեալ Նահանգներու հանրային ջուրի մօտ երեք քառորդին աւելցուած է ծորին: Այս հանքանիւթը կը պաշտպանէ ատամները փտելէ: Սովորական չափաբաժինը մէկ միլիոներորդէն պակաս է, եւ այդ մէկը անվտանգ կը նկատուի CDC-ի կողմէ, որ այս մէկը կը նկատէ 20-րդ դարու հանրային առողջութեան ոլորտի ամենամեծ ձեռքբերումներէն մէկը:

5. Նատրիոմ (սոտիոմ)

Ոչ միայն աղին, այլ ան նոյնիսկ առկայ է ձեր խմած ջուրին մէջ: Քիչ քանակներով ան լաւ է, բայց զայն շատ կը սպառէք արդէն ուտեստեղէններէն: Եթէ աղի հետ կապուած առողջական խնդիրներ ունիք, օրինակ` արեան գերճնշում կամ սրտի անբաւարարութիւն, պէտք է ստուգէք ձեր ջուրի նատրիոմի մակարդակը (ե՛ւ ծորակինը, ե՛ւ շիշերովը):

6. Զառիկ (Arsenic)

Թերեւս շատ վատ բաներ լսած էք անոր մասին, բայց այս մէկը բնական քիմիական նիւթ մըն է, եւ ջուրի որոշ աղբիւրներ, օրինակ` ջրհորները, կրնան անկէ պզտիկ չափաբաժիններ ունենալ: Ձեր տեղական ջրամատակարար անձնակազմը պէտք է վերահսկէ անոր քանակութիւնը, բայց եթէ ձեր ջուրը կը ստանաք ջրհորէ կամ այլ բնական աղբիւրէ, լաւ կ՛ըլլայ, որ զայն փորձարկէք: Զառիկի բարձր մակարդակները կրնան պատճառել` սրտի հիւանդութիւններ, շաքարախտ, քաղցկեղ եւ երեխաներու ուղեղի վնասուածք:

7. Կապար

Ձեր տեղական ջրամատակարարը կրնայ չնկատել զայն, որովհետեւ ան յաճախ կու գայ ձեր տան կամ ձեր թաղամասի հին խողովակներէն: Կապարը կը մտնէ ջուրին մէջ ձեր ծորակէն դուրս գալէն անմիջապէս առաջ: Տնային զտիչ համակարգերը կրնան զայն հեռացնել ձեր ծորակի ջուրէն, սակայն կարեւոր է ստուգել կապարի մակարդակը եւ կանոնաւոր կերպով փոխել զտիչը (filter). կապարը երեխաներու եւ չափահասներու մօտ առողջական լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել:

8. Քլոր

Այս մէկը կ՛օգտագործուի հանրային ջրային համակարգերուն մէջ մանրէները սպանելու համար: Երբեմն կ՛օգտագործուին նաեւ քիմիական այլ նիւթեր, սակայն քլորը ամենատարածուածն է: Ան անվտանգ է ցած մակարդակներով գտնուելու պարագային, բայց կրնաք նկատել անոր թեթեւ հոտը կամ համը:

9.  Զտման համակարգեր

Որակեալ, լաւ պահպանուած համակարգը կրնայ հեռու պահել ծանր մետաղները եւ պաքթերիաներուն մեծ մասը: Սակայն անոնց ծանր տեսակները կրնան նոյնիսկ հեռացնել ծորինը, որ կը պաշտպանէ ձեր ակռաներն ու լինտերը:

10. Շիշերու մէջ լեցուցած ջուրը

Ան սովորաբար անվտանգ է, սակայն ոչ աւելին, քան` ծորակի ջուրը: Յիշեցէք, որ բացի յաւելեալ ծախսերէն` շիշերու մէջ լեցուած ջուրին մէջ յաճախ կը բացակայի ձեր ակռաները պաշտպանող ծորինը:

11. Ե՞րբ եռացնել ջուրը

Եթէ վստահ չէք ձեր ջուրին ապահով ըլլալուն (ջրհեղեղի, կոտրուած խողովակի կամ այլ բանի պատճառով) կրնաք զայն եռացնել: Սա պէտք է ձերբազատէ ջուրը բոլոր այն պաքթերիաներէն, ժահրերէն եւ այլ օրկանիզմներէ, որոնք կրնան ձեզ հիւանդացնել: Մէկ վայրկեանը բաւարար է պէտք եղած գործը կատարելու համար, իսկ 3 վայրկեանը, եթէ ծովու մակերեսէն 2000 մեթրէն աւելի բարձրութեան վրայ կը գտնուիք:

12. Ճերմկցնե՞լ (bleach) ջուրը:

Թէեւ քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ, բայց այս մէկը EPA-ի կողմէ հաստատուած միջոց մըն է արտակարգ իրավիճակներու պարագային ջուրը ախտահանելու կամ ջրհորի ջուրի մէջի մանրէները մաքրելու համար: Ընդամէնը 6-8 կաթիլը մէկ կալոնին մէջ դնելով (կախուած անոր զօրութենէն)  յաջողութեան կը հասնիք, անկէ աւելին կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Օգտագործեցէք պարզ սպիտակեցնող դեղ մը, որ չի պարունակեր բոյրեր կամ լրացուցիչ մաքրող նիւթեր: Խառնեցէք ջուրին եւ ձգեցէք 30 վայրկեան:

 

Աղբիւր` «Medical News Today»

 

Նախորդը

Էդուարդ Միլիտոնեան Քուէյթաբնակ Գրող Կիրակոս Գույումճեանը Պարգեւատրեց «Գրական Վաստակ» Շքանշանով

Յաջորդը

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԺԸ.

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.