Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 363 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 34.500 լ. ոսկի է:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Լեռնալիբանանի փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Նասեր Սրուր հերքեց այն լուրերը, թէ մէկ կապ արաբական հացին սակը 15.000 լ. ոսկիի վերածուած է:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հաւանական նկատեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն հետ համաձայնութիւնը ըլլայ մօտալուտ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա մասնակցեցաւ Տէյր Տուրիթի մէջ կազմակերպուած ամառնային Ե. փառատօնին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ ներկայութիւնը շնորհք է, բարիք ու հարստութիւն: «Բոլորս, յատկապէս իսլամներս, պէտք չէ ճիգ խնայենք պաշտպանելու համար այդ ներկայութիւնը», հաստատեց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ  Աշրաֆ Ռիֆի երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ երկիր Իտալիոյ` նախաձեռնելու համար 70 լիբանանցի գաղթականներու փրկութեան: Ան անդրադարձաւ, որ ապօրինի կերպով Լիբանանը լքած լիբանանցի 70 երիտասարդներ, որոնց նաւը ջախջախուած էր, իրենք զիրենք ծով նետած են եւ կը գտնուին Իտալիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մօտակայքը: Ռիֆի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումով մը կոչ ուղղեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ լիբանանեան դեսպանատան պէտք եղած հաղորդակցութիւնները կատարելու` այլ ողբերգութեան մը առաջքը առնելու նպատակով:

ԿՆՈՋ եւ զաւկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ կրթական արտակարգ վիճակ յայտարարելու, ինչպէս նաեւ արագ կերպով որդեգրելու այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը բարելաւեն ուսուցիչներուն կացութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ յայտնեց, որ իրենք կը պահանջեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ ըլլայ կառավարիչն ու իմաստութեամբ առաջնորդողը, ինչպէս նաեւ պահանջեց, որ Լիբանանը ըլլայ քրիստոնեաներուն հայրենիքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ ոչինչ զուգադիպաբար կը պատահի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ համայնքայնութիւնը կը մնայ Լիբանանի յարութիւնը հարուածող հիմնական վտանգը: Ան աւելցուց նաեւ, որ Իսրայէլի դէմ պատերազմին յաղթելու համար լաւագոյն ձեւը լիբանանեան միասնականութիւնն է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապը կարելի է լուծել կազմելով փրկութեան կառավարութիւն մը, որ կը հովանաւորէ նախագահական ընտրութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կրնայ ստանձնել հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները` նախագահական թափուր պաշտօնի ստեղծման պարագային:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ կոչ ուղղեց տարբեր համայնքներու ղեկավարներուն` կազմելու քաղաքական ուժերը ներկայացնող կառավարութիւն մը, «այլապէս պատրաստուեցէք հիմնադիր խորհրդաժողովի մը, որ արտաքին երկիրներու կողմէ պիտի պարտադրուի ձեր վրայ», ըսաւ ան:

ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման մտահոգութիւն յայտնեց, որ նախագահական թափուր պաշտօնի ստեղծման պարագային սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը կրնայ քաոսային ըլլալ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Նուագախումբի Տարեկան Բանակումը

Յաջորդը

Բարեկարգչական Երեսփոխանները Առաջադրեցին Նախագահական Փրկութեան Նախաձեռնութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.